Այսօր կ՛աւարտի չարագուշակ 2020 տարին, որ վատագոյնը հանդիսացաւ Լիբանանի համար 1943-ի իր անկախութենէն ի վեր: 2020 տարուայ ընթացքին Լիբանանցի քաղաքացին հասաւ աննախադէպ աղքատութեան եւ անօթութեան սեմին:
2020 տարին իր աւարտին հասաւ սակայն տակաւին անլուծելի կ՛երեւի երկրին ընկերային, տնտեսական, եւ քաղաքական տագնապը՝ մինչ փտածութիւնը կը գտնուի իր ծայրագոյն բարձր աստիճանին վրայ:
2020 տարուայ արհաւիրքները իրենց գագաթնակէտին հասան Պէյրութի պայթումով, որ ձախող պետութեան մը մեծագոյն չափանիշն է մինչ արձանագրուեցաւ 200 զոհ եւ հազարաւոր վիրաւորներ:
Քորոնաժահրն էր միայն պակաս, որ եկաւ ամբողջացնելու այն ահռելի դժուարութիւնները զորս լիբանանցին կը դիմագրաւէր: Մինչեւ օրս Լիբանանի մէջ գրանցուած են աւելի քան 1400 մահեր եւ 175000 վարակուածներ:
Ամենավատը լիբանանեան դրամանիշի րժէքին անկումն էր, որ տակաւին վտանգուած է եւ ապագան անորոշ:
Կը մնայ կառավարութեան կազմութիւնը, որուն իրագործումը տակաւին շատ հեռու է ըստ երեւոյթին:
Վերոյիշեալներէն ոչ մէկ բան գտած է իր լուծումը, մինչ մենք մուտք պիտի գործենք 2021 տարին բոլորովին անորոշ իրավիճակով եւ հեռանկարով: