Ուրբաթ, 14 Փետրվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Կայացաւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանակի Շարքերուն Հետ Հանդիպումները. Կազմուեցաւ ՌԱԿ 100ամեակի Լիբանանի Յոբելենական Յանձնախումբը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն եւ ներկայի իրավիճակին լոյսին տակ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը հանդիպումներ կայացուց  շրջանակիս ակումբներուն հետ:

Քորոնաժահրին պարտադրած իրավիճակով՝ հանդիպումները կայացան տարբեր օրերու ընթացքին եւ  փոքր խումբերով՝ Պէյրութի եւ Զահէլէի մէջ:

Հանդիպումները նաեւ կը նպատակադրէին կազմակերպչական աշխատանքներ եւ ծրագրաւորումներ ապագայի հետ առնչուած:

Այս ծիրէն ներս, եւ նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ 2021 տարին պիտի հանդիսանայ ՌԱԿ-ի հիմնադրութեան 100ամեակը՝ հանդիպումներէն բխեցաւ ՌԱԿ 100ամեակի Լիբանանի Յոբելենական Յանձնախումբի մը կազմութիւնը, որուն պատասխանատուութիւնը վստահուեցաւ ընկ. Տոքթ. Յակոբ Փափազեանին:

Յոբելենական Յանձնախումբը անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի, որուն առաջին արդիւնքը եղաւ ՌԱԿ-ի 100ամեակին նուիրուած ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակին 2021-ի օրացոյցին հրատարակութիւնը: ՌԱԿ 100ամեակի Լիբանանի Յոբելենական Յանձնախումբին յառաջիկայ ամիսներուն նախաձեռնելիք գործունէութեանց ցանկը մեծ է: Ձեռնարկներուն մասին հանրութիւնը պարբերաբար պիտի տեղեկացուի:  Յոբելենական տարուան ընթացքին ՌԱԿ Լիբանանի Յոբելենական Յանձնախումբը համատեղ գործունէութիւն պիտի տանի նաեւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի քոյր կառոյցներուն հետ:

ՌԱԿ-ի Յոբելենական տարուան մեկնարկը պիտի յայտարարուի 10 Յունուար 2021ին, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որուն գեղարուեստական յայտագրին մաս պիտի կազմէ ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբը (The Youth Band):

Տեղին է նշել, որ Զահլէի մէջ կայացած հանդիպման օրը զուգադիպեցաւ Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցուոյ մէջ քահանայական ձեռնադրութեան, որուն բնականաբար ներկայ գտնուեցաւ՝ Զահլէի ՌԱԿ Ազատ Լեռ ակումբի անդամներուն կողքին՝ նաեւ  ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը: Արդարեւ այդ օր ձեռամբը Լիբանանի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Շահէ Արք. Փանոսեանին քահանայ ձեռնադրուեցաւ Բարշ. Ասատուր Սարկաւագ Եղիայեանը՝ տեղւոյն Եկեղեցուոյ անունով վերանուանուելով՝ Տէր Գրիգոր քահանայ:

Զահլէի եկեղեցիին այցելութիւնը նաեւ առիթ մըն էր տեսակցելու Պեքայի Հոգեւոր տեսուչ՝ Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանին հետ եւ շնորհաւորելու զինք, եկեղեցիին շրջափակին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող զետեղելու իր մտայղացումին համար, որուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ ամիսներուն:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img