ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
24 Ապրիլ 1915-ի արհաւիրքէն նուազ քան 300 օր ետք, երբ ամէն ինչ դեռ կը մխայ, երբ եղեռնագործութիւնը կը շարունակուի, ԱՐԵՒ-ի խմբագիր Վահան Թէքէեան առաջնահերթ հրամայական կը նկատէ համերաշխութիւնը, ազգային համերաշխութիւնը:
Կարիքը չկայ պնդելու թէ այն օրերուն ներհայկական քաշքշուքները նուազ էին քան այն՝ ինչ ականատես (եւ դժբախտաբար երբեմն ալ կամայ-ակամայ մասնակից) կը դառնանք այսօր… երբ ընդհանուր Արշակաւանի մը գոյատեւման կը սատարենք, մինչ մերօրեայ պատերազմը – եւ ոչ թէ պայքարը – պէտք է ըլլայ …. եկէք միասին խորապէս կարդանք եւ գիտակցինք թէ ինչ կ’ըսէ Թէքէեան, կամ ըսած է այս օրերուն՝ թուականէս 105 տարիներ առաջ:
Ան մերինն է, ու կը սիրենք զայն: Զայն կը սիրենք իր անցեալին համար, ուր կրած տառապանքներուն մեծութեանը հաւասար՝ հոգեկան մեծութիւն ցոյց տուած է. իր ներկային համար՝ որուն անհուն ցաւը նախնի դարերու մարտիրոսներուն անհուն գեղեցկութիւնը կու տայ իրեն. իր ապագային համար՝ զոր կ’երեւակայենք իբրեւ կացինահար ծառի մը խեղճ մէկ ճիւղին կրկին արմատ նետելը, բողբոջիլն ու զօրանալը հինին քով՝ շարունակելու, չկորսուելու մեծնալու վսեմ ճիգով: Ան մերինն է, մեր ազգը, մեր ժողովուրդը, ու կը սիրենք զայն:
Բայց… «սիրել կայ, սիրել ալ կայ»: Ոմանք հեռուէն, պատկերի մը պէս կը սիրեն զայն. ուրիշներ՝ զայն խոշտանգելով, անոր ծառայել կարծելով բայց զայն իրենց ծառայեցնելով կը սիրեն. ոմանք կուրօրէն, միշտ փայփայելով, ուրիշներ՝ միշտ սաստելով: Քիչերն են որ, ինչպէս մօր մը կամ զաւկի մը վերաբերմամբ, այնպէ՛ս կ’անդրադառնան առ ազգը իրենց տուած խնամքին վրայ, կը նային անոր արդիւնքին, զայն կը փոխեն, միշտ լաւագոյնը կը փնտռեն, պարագային ու ժամանակին կը պատշաճեցնեն: Ամբողջ խնդիրը՝ իր ազգը սիրելը չէ, այլ ինչպէ՛ս սիրելը, եւ «ինչպէ՛ս»ը գիտնալու համար՝ նախ պէտք է գիտնալ «ինչու՛»ն, որքան ալ աւելորդ եւ անհեթեթ թուի այս հարցումը:
Ինչու՞ կը սիրենք մեր ազգը. արդեօ՛ք բնական, բնազդական զգացու՞մ մըն է ատիկա, ինչպէս կենդանիներուն իրենց ձագերը սիրելը. ո՛չ երբեք: Ազգին սէրը վերջէն, շատ վերջէն ծնած է մարդուն մէջ, ու զարգացած, զօրացած է այնքան՝ որքան ազգը զարգացած, քաղաքակրթուածէ: Էապէս՝ քաղաքակրթական զգացում մըն է ան, որովհետեւ արդիւնք է համերաշխութեան զգացումին, եւ համերաշխութիւնը ինքնին քաղաքակրթութիւնն է:
Ինչպէ՞ս կրնանք սիրել մեր չտեսած, չճանչցած մարդիկը՝ այլապէս քան մեր եւ անոնց միջեւ շահերու սերտ կապակցութիւնով մը, «շահ» բառն իր ընդարձակագոյն ու ազնուագոյն իմաստովը առնելով: Միեւնոյն լեզուն խօսիլը եւ միեւնոյն անցեալն ունենալն իսկ — թողունք միեւնոյն կրօնքը դաւանիլը — բաւական չեն մարդիկը իրարու ազգակից ընելու համար. պէտք է անոնք նոյն շահերն ունենան ներկային մէջ, ինչպէս ապագային համար ալ ունենան նոյն ձգտումները երկրագունդի որոշ մէկ կէտին վրայ՝ որ իրենց հայրենիքնէ՝ իրականանալու սահմանուած, որպէսզի մարդկային ընդարձակ համերաշխութենէն կամ մարդասիրութենէն ետք, ազգային համերաշխութիւն մը, այսինքն ազգասիրութիւննալ ծնի իրենց մէջ: Նիւթապէս եւ բարոյապէս, անհատ մը կապուած, կցուած է իր ազգին. նիւթապէս եւ բարոյապէս անգլիացի մը կամ հայ մը կրնայ մրցիլ ուրիշ անգլիացիի մը կամ հայու մը հետ. իր ազգին հետ մրցիլ՝ յիմարութիւններու մեծագոյնն է, ու իր ազգին վնասել՝ ոճիրներուն ստորնագոյնը: Ասոր համար է որ ամէնէն զզուելի ոճրագործը եւ ամէնքէն ալ ատուածը՝ այն է որ իր ազգը կը մատնէ, անոր դէմ կ’ելլէ:
Ազգասիրութիւնը – ուրեմն — համերաշխութիւն է ամէն բանէ առաջ: Դէպի մարդկային ընդհանուր համերաշխութիւնը հեռաւոր երազին՝ իրականացած մէկ հանգրուանն է, իրականացա՛ծ՝ որովհետեւ խումբ մը մարդիկ նոյն տեղւոյն վրայ նոյն կեանքով ապրած եւ ինքզինքնին իրարու շահակից զգացած են ուրիշ մարդերէ աւելի, իրականացա՛ծ՝ որովհետեւ բնազդներով չեն ապրիր մարդիկ այլ բանականութեամբ, եւ որքան աւելի բանականութիւնը մշակուի՝ այնքան աւելի սերտ համերաշխութեան պէտքը կը շեշտուի, այնքան աւելի քաղաքակրթութիւնն է որ կը ծաղկի:
Համերաշխութիւնը – գիտենք — բացարձակ չէ ոչ ազգի մը, ոչ ընտանիքի մը մէջ որ պզտիկ ազգ մըն է, ոչ ալ անհատի մը մէջ որ պզտիկ կամ մեծ ընտանիք մըն է իր միլիոնաւոր բջիջներովը: Բայց, ինչպէս որ համերաշխութեան նախատիպար անհատին մարմնին մէջ անգործակցութիւնը առողջութեան խանգարում է — եւ մինչեւ իսկ կեանքի դադար է երբ շարունակուի — ինչպէս որ ընտանիքին կազմալուծումն է՝ երբ նոյնպէս տեւական ըլլայ, այնպէս ալ ազգին մէջ — աւելի ընդարձակ մակերես մը ուր պատճառին արդիւնքը նուազ տեսանելի է — էական, անհրաժեշտ համերաշխութեան մը պահանջքին անտեսումը՝ ապահովապէս կը քայքայէ ազգը՝ երբ մանաւանդ մինչեւ շահերու խզում եւ մինչեւ անոնցմէ ծնած զգացումի աղբիւրները չորցնելու չափ խորունկ եղած է անոր ազդեցութիւնը շատերուն վրայ:
Ազգի մը անհատները – գիտենք — խումբեր կազմած են ու կը կռուին իրարու հետ. իւրաքանչիւր խումբ — այո՛ — կը ջանայ ազգային համերաշխութիւնը դնել ըստ իրեն աւելի՛ բանաւոր, աւելի՛ արդիւնաւոր հիմերու վրայ եւ այդ պատճառաւ կը կռուի ուրիշ խումբերու դէմ: Բայց, համերաշխութեան մէջ երանգ մը, մանրամասնութիւն մը, անոր կատարելագործումն է միայն՝ երբ խորը նայինք՝ կռիւին նիւթը: Անմիջապէս որ ուրիշ ազգ մը, ի՛ր համերաշխութեամբը, կը յարձակի անոր վրայ եւ կը վտանգէ ոչ միայն անոր ապագայ, այլեւ ներկայ համերաշխութիւնը, ուրիշ խօսքով՝ անոր հասարակաց շահին, կամ որ նոյնն է՝ անոր հասարակաց սիրոյն կը սպառնայ՝ յարձակում կրող ազգին երէկի բոլոր կռուող խումբերը կը միանան յարձակողին դէմ, միասին, ուս-ուսի եւ սիրտ-սիրտի կը պաշտպանեն իրե՛նց համերաշխութիւնը, իրե՛նց շահը, իրե՛նց սէրը…: Այս է դեռ – այսօր — մարդկային քաղաքակրթութեան աստիճանաչափը, բոլոր քաղաքակիրթ ազգաց քաղաքակրթութիւնը՝ դեռ ազգային համերաշխութիւնն է միայն՝ ընդդէմ ուրիշ ազգերու: Անիկա իրականէ սակայն, այսօ՛ր, ուրիշ որեւէ ատենէ աւելի, որովհետեւ ազգերն առանց խտրութեան իրենց ամբողջ զաւակներովն, ամբողջ ուժովն ու միջոցներովը կը կռուին իրարու դէմ, եւ ոչ ոք կրնայ Լուկրետիոսի նկարագրած մարդուն նման ծովեզերքի իր անքոյթ ժայռին վրայէն ուրախանալ թէ ինք ծովուն մէջ, խեղդուող մարդուն տեղը չէ, որովհետեւ ո՛վ ոք ալ ըլլայ ինք, կապուած է խեղդուողին՝ իր ազգին հետ, եւ եթէ անոր հետ չազատի՝ անոր հետ պիտի խեղդուի ինքն ալ:
Բացատրութիւ՛ն մը: Այս տողերը չգրեցինք այսօր — ինչպէս կրնար ենթադրուիլ — իբրեւ նոր կոչ մը համերաշխութեան՝ ուղղուած սրտերէն ետք բանականութիւններուն անո՛նց որ մինչեւ հիմա չզգացին մեր ազգին — է՛ն շատ պէտք ունեցողը — համերաշխութեան պէտքը՝ այլապէս բայց եթէ իրենց ուղղութեամբը, իրենց հրամանին տակ, «կռիւի համար», այսինքն ժխտումովը համերաշխութեան ոգւոյն եւ սկզբունքին…: Չզարմանաք եթէ ըսենք թէ զայն գրեցինք մերիններուն, մեր խումբէն, մեր գաղափարակիցներէն ոմանց համար, նա՛խ անոնց հասկցնելու համար մեր հասկցած բուն, ճշմարիտ, գիտական համերաշխութիւնն եւ անոր էութիւնը, եւ յետոյ պատասխանելու համար անոնց սա՛ փափաքին՝ թէ համերաշխութեան քարոզը մէկդի՝ այլեւս կռիւ պէտք է… չհամերաշխողներուն դէմ:
Չհամերաշխողներու՞ն: Բայց չէ՞ որ հայեր են անոնք. չէ՞ որ ազգին մեծ, ընդհանուր շահերովը կապուած ենք անոնց հետ. չէ՞ որ անոնք բան մը կ’աւելցնեն մեր վրայ եւ մենք անոնց վրայ երբ որ իրարու քով գանք: Ու յետոյ, ազգը յարձակում կրած չէ՞, սպառնալիքի տակ չէ՞, ի՞նչ կ’ըսեմ՝ սպառնալիքը իրականացած չէ՞ իր գլխուն, իր կեանքին, իր գոյութեանը վրայ: Ուրե՞մն: Ուրեմն կ’ուզէիք որ — ինչպէս սովորական ժամանակի մէջ — դիմացնիս կուսակցութիւն մը միայն տեսնէինք ու անդուլ, անընդհատ, զանոնք ջախջախելու փափաքով՝ կռի՞ւ մղէինք անոնց դէմ: Բայց այն ատեն՝ ի՞նչ պիտի ըլլար մեր տարբերութիւնը անոնցմէ, մեր գիտնալուն եւ անոնց չգիտնալուն, մեր ուզելուն եւ անոնց չուզելուն տարբերութիւնը:
Ընդհակառակը, չէ՞ք հասկնար որ եթէ իրենց ընթացքին չարիքը եւ իրենցմէ ոմանց իմասնաւորի պատճառած վնասները կը ներկայացնենք — ակամայ այստեղ — այս միջոցիս՝ ատիկա ուրիշ բանի համար չէ բայց եթէ իրենց կուսակցական մեծամտութիւնը կոտրելու եւ զիրենք ազգայնացնելուհամար:
Ասիկա մեր ուղղութիւնն է, միա՛կը որուն կրնայինք հետեւիլ եւ հետեւեցանք մինչեւ այսօր: Եթէ շնորհ կ’ընէք հաւտալու որ քիչ մը բանականութիւն — որ միտք եւ սիրտ է միանգամայն – ունինք, հաւատացէ՛ք նաեւ թէ այսպէ՛ս պէտք է, ասիկա՛ է այսօրուան միակ կարելի ուղղութիւնը որուն դժուարին է բայց անհնարին չէ յաջողութիւնը եւ որմէ զատ չկայ ուրիշ մը որ հիւանդ ազգին դարմանի տեղ վնաս չպատճառէ…:
«Արեւ»
5 Յունուար 1916