Երէկ կառավարութիւնը երկարատեւ քննարկումներէ ետք վերջապէս որոշում կայացուց երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկել Հինգշաբթի 7 Յունուարէն սկսեալ, մինչեւ 1 Փետրուար:
Այս քայլը կենսական նկատուեցաւ զսպելու համար քորոնաժահրի անխնայ տարածումը, որ, վերջին օրերուն հասաւ օրական 3000 վարակակիրի սահմանները:
Այս աննախընթաց աճը վերագրուեցաւ տօնական օրերու սանձարձակ ընկերային հաւաքներու , որոնց ընթացքին պահպանուած չեն զգուշութեան միջոցներ:
Նշենք, որ հայկական կողմեր, որոնց մէջ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան կոչ ըրած էր կառավարութեան անմիջապէս դիմել արգելափակումի եւ հայկական համայնքի Ս. Ծննդեան օրը ոչ մէկ կերպով պատճառ նկատել յետաձգումի, որովհետեւ ըստ ՌԱԿ-ի կոչին, մարդկային կեանքը աւելի կարեւոր եւ սուղ է քան տօնական խրախճանքները, որոնք արդէն շատոնց դուրս եկած են իրենց կրօնական խորհուրդէն ու նշանակութենէն: