Կիրակի, 15 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Դառնանք Մեր Փրկիչին

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Աւետարանիչը կը վկայէ, թէ գիշեր մը դաշտին մէջ երբ հովիւները իրենց հօտերուն պահակութիւնը կ’ընէին, Աստուծոյ հրեշտակը կ’երեւնայ. հովիւները կը վախնան. հրեշտակը կ’ըսէ անոնց՝ մի՛ վախնաք, այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր փրկիչը ծնաւ (Ղկ. 2.8-12)։

Պատահական չէր հրեշտակին տուած աւետիսը։ Պատահական չէր Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը։

Դրախտի կեանքէն արտաքսուած ու դժոխքի կեանքը ապրող մարդը՝ կարիքը ունէր վերադառնալու դրախտի աստուածապարգեւ կեանքին։

Իր կեանքը չարով ու չարիքով, մեղքով ու ապականութեամբ շաղախած մարդը՝ կարիքը ունէր Աստուծոյ փրկարար միջամտութեան։

Իր կեանքին իմաստն ու նպատակը կորսնցուցած եւ աշխարհի անապատին մէջ դեգերող մարդը կարիքը ունէր իր կեանքին ուղղութիւն տուող առաջնորդի։

Երկինքէն ու երկնայինէն հեռացած եւ երկրին ու երկրաւորին գերին դարձած մարդը՝ կարիքը ունէր փրկարարի։

Երկա՜ր ժամանակ մարդը սպասեց ազատարար Մեսիային։ Եւ ահա օր մը, անակնկալ կերպով, եւ կեանքի ամենահամեստ պայմաններուն մէջ, ծնաւ աշխարհի Փրկիչը։

Արդարեւ, տիեզերքի ու մարդու ստեղծագործութեամբ ինքզինք աշխարհին յայտնած Աստուած, այս անգամ մարդուն՝ կը մօտենար իր Միածին Որդւոյն մարդեղութեամբ։

Իր պատկերին համաձայն ստեղծած, եւ իր ստեղծագործութեան պահակը նշանակած եւ նո՛յնիսկ  իր գործակիցը դարձուցած, սակայն իր կոչումին դաւաճանած մարդուն՝ Աստուած իր Որդւոյն ճամբով կը մօտենար։

Մեղանչած ու մոլորած մարդը մարգարէներու ճամբով ճշմարտութեան ճանապարհին հրաւիրած Աստուած, այս անգամ կու գար իր Որդւոյն մարդեղացումով մարդը առաջնորդելու դէպի ճշմարտութիւն։

Աստուածապարգեւ կեանքը մերժած եւ դէպի մահ տանող կենցաղակերպերու գերին դարձած մարդուն Աստուած Քրիստոսի ճամբով կու գար վերստին կեանք շնորհելու։

Ահա թէ ինչու Աստուծոյ հրեշտակը Քրիստոսի մարդեղութիւնը աւետեց որպէս ծնունդը ՓՐԿԻՉԻՆ։ Աւետարանիչը հետեւեալ բացատրութեամբ կը բնորոշէ խորհուրդը Քրիստոսի մարդեղութեան՝ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ։ Այլ խօսքով, մոլորեալ մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ ունեցած անհուն սէրն էր մղիչ ուժը՝ երկինքէն երկիր Աստուծոյ էջքին։

Յիսուսի ծնունդը աւետող հրեշտակը ըսաւ ձե՛ր փրկիչը ծնաւ։ Աստուծոյ Որդին կը մարդեղանար, որպէսզի փրկէ կորստեան դատապարտուած մարդը, որպէսզի իր աստուածային պատկերը եղծած եւ իր Արարիչէն հեռացած մարդը մօտեցնէ Աստուծոյ՝ իր Երկնաւոր Հօր։ Արդ, մարդն էր, Բեթղեհէմի մէջ ծնած Քրիստոսին մարդեղութեան դրդապատճառը, մարդու փրկութիւնն էր Քրիստոսի առաքելութեան կիզակէտը։

Քրիստոսէն առաջ ու Քրիստոսէն ետք մարդը ի զուր փնտռեց այլ փրկիչ։ Պատմութիւնը կը վկայէ, որ աշխարհի բոլոր տեսակի “փրկիչ”ները թաղուեցան մոռացութեան փոշիին տակ. բայց մնա՛ց Բեթղեհէմի մսուրին մէջ ծնած Յիսուս Մանուկը՝ հակառակ հալածանքներուն եւ ուրացումներուն։ Գիտական ու ճարտարագիտական աննախընթաց իրագործումներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն եւս մարդը թող չփնտռէ ա՛յլ փրկիչ։ Փառքի աթոռներուն վրայ բազմած կամ նիւթական առաւելութիւններով յղփացած մարդը թող չփնտռէ ա՛յլ փրկիչ։ Քրիստոս ի՛նքն է միակ փրկիչը մարդուն։ Այսպէ՛ս կը դաւանի եկեղեցին՝ յաղագս մեր մարդկան եւ վասն մերոյ փրկութեան իջեալ ի յերկնից՝ մարմնացաւ, մարդացաւ։ Այս գիտակից հաւատքով ու յանձնառութեամբ քրիստոնեան իր կեանքը պէտք է ապրի։

2020 տարին ողջ մարդկութեան համար եղաւ տառապալից տարի. քորոնա համաճարակին պատճառած մարդկային վնասները ցնցեցին բոլոր ազգերը։ Նաեւ խոր ցնցումի ենթարկուեցաւ քրիստոնեայ աշխարհը։ Եկեղեցիները իրենց դռները փակեցին հաւատացեալներուն առջեւ. սակայն քրիստոնեաներ իրենց տուները եկեղեցիի վերածած դարձան Քրիստոսի, որպէս փրկիչը աշխարհին։

2020 տարին տագնապահար տարի մը եղաւ մանաւանդ մեր ժողովուրդին համար։ Արցախի պատերազմի ծանր հետեւանքները տակաւին կը շարունակուին։ Յուսահատութեան ու անորոշութեան ալիքներու մէջ կը տատանի մեր ազգին նաւը։ Պատմութեան ընթացքին նման փոթորկալից պայմաններուն մէջ մենք միշտ դարձած ենք Մեծ Նաւապետին՝ Քրիստոսին, մեր ազգին նաւը ապահով վայր հասցնելու հաւատքով ու յոյսով։

Դարձեալ ու միշտ դառնանք Քրիստոսին, որովհետեւ ան է մեր միակ Փրկիչը։ Դառնանք Քրիստոսին՝ մեր ուրախութեան ու ցաւի պահերուն։ Վստահինք ու հետեւինք մեր փրկութեան համար աշխարհ եկած ու խաչ բարձրացած մեր Փրկիչին։

*

*  *

Աստուածայայտնութեան տօնին հոգեպարար առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրական անհուն սիրով կ’ողջունենք Կիլիկեան սուրբ Աթոռին ենթակայ մեր թեմերուն Առաջնորդ Սրբազանները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութեանց մարմինները, բոլոր միութիւնները, կազմակերպութիւններն ու մեր սիրելի ժողովուրդին զաւակները, աղօթելով, որ Բեթղեհէմի Փրկիչը առաջնորդ ու պահապան ըլլայ իրենց։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

6 Յունուար, 2021

Անթիլիաս, Լիբանան

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img