Հինգշաբթի, 23 Մարտի, 2023
- Գովազդ -spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Կարպիս Ճանճիկեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Կարպիս Ճանճիկեան (6 Յունուար 1920, Իսթանպուլ, Օսմանեան Կայսրութիւն — 26 Փետրուար 1946, Իսթանպուլ, Թուրքիա), բանաստեղծ։

Կարպիս Ճանճիկեան ծնած է Սամաթիա՝ 6 Յունուար 1920-ին: Նախնական ուսումը ստացած է թաղին Սահակեան-Նունեան վարժարանը, յետոյ մտած է Կեդրոնական, 1934-ին: Տարի մը վերջ, 1935-ին, կը ստիպուի Կեդրոնականը ձգել եւ վաճառատան մը մէջ պաշտօնեայ կ՚ըլլայ: Հակառակ ասոր, ուսանելու փափաքը չի մեռնիր իր մէջ, եւ 1937-ին երբ կը զգայ որ անցնող ամէն օր զինքը քիչ մը եւս կը հեռացնէ դպրոց երթալու տարիքէն, անզսպելի մղումով մը կը մտնէ դպրոց՝ այս անգամ Իտալական վարժարան: 1939-ին դարձեալ Կեդրոնական կը վերադառնայ, ուր լիսէի շրջանը չաւարտած, 1943-ին, հիւծախտը կու գայ զինքը վերջնականօրէն հեռացնելու դպրոցէն:

Իր հրատարակուած առաջին բանաստեղծութիւններէն կ՚ըլլայ «Օրէ օր», որ լոյս կը տենսէ Բագարատ Թեւեանի «Պատկեր»ին մէջ՝ 1939-ին, Արաքսի Սողոմոն ծածկանունով: Աւելի յետոյ կ՚աշխատակցի «Երջանիկ»ին, Աւետիս Ալիքսանեանի «Պատկեր»ներուն, «Նոր Օր» շաբաթաթերթին եւ «Ժամանակ» օրաթերթին: Իր մահուընէ յետոյ, կարգ մը անտիպներ ալ լոյս կը տեսնեն «Այսօր»ի, «Ճառագայթ»ի եւ «Ժամանակ»ի մէջ։ Հանրութեան ծանօթ իր այս գործերէն զատ, մեզի կը ձգէ տակաւին կարգ մը անտիպներ, հայերէն եւ թրքերէն, ինչպէս նաեւ ձեռագիր խմորատիպ հանդէս մը՝ «Արաքս», զոր կը հրատարակէր ուսանողութեան օրերուն:

Ճանճիկեանի կարդալու եւ գրելու հակումները շատ կանուխէն, նախակրթարանի նստարաններուն վրայ կը յայտնուին: Ճանճիկեան արդէն իսկ սկսած է ճանչնալ գրական զանազան դպրոցներ, որոնք փոխն ի փոխ զինքը կը հմայեն, կը խանդավառեն: Ֆիւթիւռիզմ, տատաիզմ, սիւրռէալիզմ, էմբրէսիոնիզմ փոխն ի փոխ իր նախընտրած դպրոցները կ՚ըլլան եւ միսթիք ու ռոմանթիք վարպետներուն տեղը կը գրաւեն Մարինէթթի, Ձարա, Աբոլլինէր եւայլն: Իրերայաջորդ այս յեղաշրջումներու թոհուբոհին մէջ, Ճանճիկեան հետզհետէ կը գծէ իր ճամբան եւ իր այս շրջանը նախկինէն բոլորովին տարբեր գրականութեան մը համար կ՚ըլլայ փորձի շրջան մը, որ իր առաջին պտուղը կու տայ 1942-ին՝ «Պալքըս» բաւական իրապաշտ, թրքերէն բանաստեղծութեանց հաւաքածոն (Հայկազուն Գալուստեանի հետ):

Ճանճիկեան կը մեռնի քսանըվեց տարեկան, 1946 Փետրուար 26-ին, Ազգային հիւանդանոցի մէջ:

Ճանճիկեանի միակ բաղձանքը եղաւ թաղուիլ Մեծարենցի քով: 1950-ին Մատենաշար «Դէպի Լոյս» հրատարակեց իր միակ բանաստեղծութեան հաւաքածոն՝ «Օրէ օր»ը: Այս գրքին հասոյթը պիտի յատկացուէր վաղամեռիկ բանաստեղծին շիրմին շինութեան: Մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմուեցաւ եւ 1952-ին Ճանճիկեանի աճիւնը փոխադրուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Միսաք Մեծարենցի յարակից Ճանճիկեանի նորակերտ դամբարանին մէջ:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img