Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Ռաիի կը սպասէ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ընտանեկան արձակուրդէն Պէյրութ վերադարձին շարունակելու համար իր կիսատ մնացած միջնորդութիւնը կառավարութեան կազմութեան հարցով:
Պաշտօնական աղբիւրներ նշեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը տեղքայլի մէջ է մինչ մտանք Նոր Տարի: Սակայն Հարիրիի վերադարձը Պէյրութ պիտի խթանէ աշխատանքները հասնելու նոր կառավարութեան մը կազմութեան, որ պէտք է Լիբանանի դիմագրաւած հարցերուն լուծումներ բերէ եւ երկիրը դուրս բերէ ներկայ ճգնաժամէն: