Պէյրութ – ԼԻԲԱՆԱՆ
Սրտի խոր կսկիծով միութեանս վարչութիւնը եւ անդամները կու գան իրենց սրտակցութիւնը յայտնել հանգուցեալ՝
Պրն. Գառնիկ Մկրտիչեանի
Ազնիւ տիկնոջ, զաւակներուն, եղբօր եւ համայն սգակիր հարազատներուն իրենց կրած խոր սուգին այս դառն պահուն:
Միութիւնս կը ցաւակցի նաեւ Լիբանանահայութեան, յատկապէս Ազգային Վարչութեան եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչակազմին, իրենց անձնուէր եւ խոհուն անդամին կորուստին դիմաց:
Պրն. Մկրտիչեան յատուկ խանդաղատանք կը ցուցաբերէր իր պատկանած Հայրենակցական Միութեան հանդէպ: Բծախնդիր էր անոր շարունակականութեան, խոհուն վարչամեքենայի ստեղծումին եւ սերունդէ սերունդ, պատկանելիութեան զգացումին փոխանցուելու կարեւորութեան: Այս բոլորէն աւելի սակայն, համերաշխութեան ոգին մարմնացնող անձ էր: Որեւէ ժողով հարկ էր որ աւարտի ժպիտով եւ իրար կրկին ողջագուրելու ակնկալութեամբ:
Տէրոջ մխիթարութինը հովանի իր սգակիր ընտանիքին եւ Միութեան հոգեկցութիւնը իր բիւրաւոր գործակիցներուն եւ բարեկամներուն:
Վարչութիւն