ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»-ի Երէց Աշխատակից
Համեմատական այս երեւոյթներու կիզակէտը կը հանդիսանայ տարիքս, որ պիտի յայտնաբերուի ստորեւ նշուած երկու դէպքերուն ընդմէջէն։ Դէպքեր՝ որոնք թէ մղոններով հեռու եղած են իրարմէ եւ թէ ալ տարիներով բաժանուած իրարմէ։
Դէպք Առաջին
Այս դէպքը պատահած է Հալէպի մէջ, 1966-67 դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին։ Ուրեմն Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճը (այժմ համալսարան) աւարտելէ ետք վերադարձայ Հալէպ եւ ստանձնեցի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ նախակրթարանի Տնօրէնի պաշտօնը։ Դպրոցը ունէր 300-է աւելի աշակերտներ (մանկապարտէզ եւ նախակրթարան) եւ տասը ուսուցիչներ։
Օր մը երբ զբօսանքը վերջացաւ եւ ես դպրոցի պատշգամէն կը դիտէի աշակերտները՝ որոնք բակէն կը մտնէին իրենց դասարանները, պետական մարդ մը մօտեցաւ ինծի եւ ուզեց տնօրէնը տեսնել։ Զինք առաջնորդեցի տեսչարան եւ ըսի,
- Հրամմեցէք, ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար ըլլալ ձեզի։
= Ըսաւ, կ՛ուզեմ տնօրէնը տեսնել։
- Ըսի, ես եմ տնօրէնը։ Հրամմեցէք, խնդրեմ։
Այդ ժամանակ 24 տարեկան երիտասարդ մըն էի եւ մարմնով մանրակազմ։ Կ՛երեւի մարդը աւելի տարիքոտ եւ թիկնեղ մէկը կ՛ակնկալէր որպէս տնօրէն . . .
Քիչ մը ամչցած իր ըրած ակամայ սխալէն եւ քիչ մըն ալ զարմացած տարօրինակ այդ կացութենէն, մարդը շարունակեց իր գալուն վերաբերեալ հարցումները եւ բաւարարուած, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք՝ ձգեց ու գնաց իր գործին։
Կացութիւններ կան որոնք կամքէ անկախ նեղի կը մատնեն քեզ եւ կը ստեղծեն անհաճոյ երեւոյթ մը, երկու կողմերուն համար ալ։
Դէպք Երկրորդ
Այս դէպքը պատահած է Լոս Անճելըսի մէջ, 1993-94 դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին։ Այդ տարեշրջանի սկիզբը նշանակուեցայ օգնական տնօրէն՝ պետական Լը Քանթ միջնակարգ վարժարանին մէջ։ Դպրոցը ունէր շուրջ 2,000 աշակերտ՝ որոնց մօտաւորապէս 400-ը հայեր էին, մեծաւ մասամբ Հայաստանէն ներգաղթած։
Սովորութիւն դարձած է որ պաշտօնակատարներ իրենց սենեակներու գրասեղաններուն վրայ զետեղեն իրենց կողակիցին եւ կամ զաւակներուն նկարները։ Հետեւաբար ես ալ նոյնը ըրի, զետեղելով երկու զաւակներուս նկարները, գրասեղանիս վրայ։
Հայ աշակերտներ յաճախ կը ղրկուէին գրասենեակս, կամ որովհետեւ անկարգութիւն մը ըրած էին եւ կամ ալ որովհետեւ դպրոցէն բացակայած էին, առանց արտօնութեան։ Ես պէտք էր յարկ եղածը դասաւորէի՝ կապ պահելով իրենց ծնողքին հետ։
Սենեակս գտնուած միջոցին, կը պատահէր որ զաւակներուս նկարը տեսնէին՝ գրասեղանին վրայ, եւ հարց տային թէ արդեօք թոռնե՞րս էին։ Ես կը վրդովէի, բայց հանդարտութեամբ կը պատասխանէի թէ ոչ, զաւակներս էին։ Սակայն վերջը հասկցայ թէ ինչո՞ւ այդ անտեղի ենթադրութիւնը կ՛ընէին։
Սա ըսեմ որ ես ամուսնացայ 38 տարեկան հասակիս եւ զաւակ ունեցայ երբ 42 տարեկան էի։ Ուրեմն իմ եւ զաւակներուս տարիքի տարբերութիւնը մեծ էր։ Լսած էի որ Հայաստանի մէջ՝ երբ այր մարդը բանակի պարտադրողական ծառայութենէն վերադառնար 20 տարեկանին, կ՛ամուսնանար եւ շուտով զաւակ կ՛ունենար։
Առ այդ՝ երբ Հայաստանցի այր մարդը իմ տարիքիս հասնէր, արդեն թոռնիկի տէր եղած կ՛ըլլար։ Սա սովորական երեւոյթ մը ըլլալով իրենց համար, պարզ էր որ հայ աշակերտը՝ Լը Քանթ միջնակարգ վարժարանին մէջ, վերոյիշեալ եզրակացութեան հասնէր, առանց գիտակցաբար վիրաւորած ըլլալու զիս։
Ահաւասիկ երկու դէպքեր տարիքի վերաբերեալ, որոնք սխալ ենթադրութիւններու պատճառ դարձան։ Առաջին պարագային՝ տարիքով փոքր էի ըսելով, զիս նկատի չառին որպէս տնօրէն։ Իսկ երկրորդ պարագային՝ տարիքով մեծ էի ըսելով, զիս նկատի չառին որպէս հայր . . .