Երեքշաբթի, 29 Ապրիլի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը Մարոնիթ Պատրիարքի Ներկայացուցիչին

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Հինգշաբթի, 7 Յունուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչ Փոլ Արք. Սայահը: Ան հայոց Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Պատրիարքին շնորհաւորանքը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած Պատրիարքին մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները: Յայտնենք, որ այս առաւօտ Մարոնիթ Պատրիարքը հանդիպում մը ունեցած էր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին հետ:

Վեհափառ Հայրապետին այցելեց նաեւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Մուհամմէտ Սէմմէք: Հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու քրիստոնեա-իսլամ յարաբերութեանց առնչուած յառաջիկայ աշխատանքները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ յիշեալ աշխատանքներուն:

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Նորին Սրբութիւնը նամակներ ստացաւ, ինչպէս նաեւ հեռախօսային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապէն, հոգեւոր պետերէ, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահէն եւ նախկին վարչապետներէն:

Քորոնա ժահրի համաճարակին, ինչպէս նաեւ Արցախի պատերազմին պատճառով Հայրապետը ջնջած էր Նոր Տարուան ու Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորական այցելութիւնները եւ կոչ ուղղած մեր ժողովուրդին՝ տօնական օրերուն հեռու մնալու խրախճանքներէ եւ այդ առիթով կատարուելիք ծախսերը փոխանցելու Հայաստանի եւ Արցախի կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img