Վարդան Արքեպիսկոպոս Տէմիրճեան (20 Ապրիլ 1939, Պէյրութ — 9 Սեպտեմբեր 2004, Անթիլիաս), հայ հոգեւորական, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան, բանասէր։
Վարդան Արքեպիսկոպոս Տէմիրճեան (աւազանի անունով՝ Յովսէփ) նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասի Եփրեմեան ազգային վարժարանին մէջ՝ 1946-52-ին։ 1952-57-ին ուսանած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն ներս։ 1958-61-ին հետեւած է Պէյրութի Յիսուսեան Հայրերու Սէն Ժոզէֆ Համալսարանի աստուածաբանութեան եւ իմաստասիրութեան դասընթացներուն։
4 Նոյեմբեր 1956-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, 2 Յունիս 1957-ին՝ աբեղայ։ 18 Հոկտեմբեր 1959-ին ստացած է վարդապետական աստիճան՝ ներկայացնելէ ետք «Ցուցակ Ձեռագրաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան» խորագրով աւարտաճառ։ 13 Յունիս 1965-ին ստացած է ծայրագոյն վարդապետի աստիճան, իսկ 30 Հոկտեմբեր 1977-ին ձեռնադրուած եւ օծուած է եպիսկոպոս։ 26 Մարտ 1995-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը անոր շնորհած է արքութեան պատիւ եւ տիտղոս։
Անթիլիասի մայրավանքէն ներս՝ կուսակրօնութիւնն ընդունելէ ետք, Տէմիրճեան մինչեւ 1963 յաջորդաբար եղած է տպարանի ու գրատան տեսուչ, ինչպէս նաեւ 1961-63-ին՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-տնօրէն՝ այդ ընթացքին՝ 1961-ին հիմնելով «Դրազարկ» պաշտօնաթերթը։ Միաժամանակ ան զբաղած է ուսուցչութեամբ։
1963-69-ին Տէմիրճեան եղած է Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ։ Իր օրով կատարուած է բացումը Թաւրիզի Սահակեան օրիորդաց միջնակարգ վարժարանին ու Մելիք-Թանգեան թանգարանին, կառուցուած են այլ ազգապատկան կալուածներ։ Թաւրիզի մէջ 1964-67-ին խմբագրած է Եկեղեցասէր Կանանց Միութեան «Դրազարկ» պարբերաթերթը։ Ապա, 1969-71-ին Տէմիրճեան վարած է Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը։
1972-ին վերադարձած է Անթիլիաս, ուր մինչեւ վախճանումը ստանձնած է վանական զանազան պաշտօններ։ Որպէս հիւրընկալ եպիսկոպոս, երկար տարիներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցած է լիբանանեան մակարդակի վրայ տեղի ունեցող պետական, դիւանագիտական, քաղաքական, համայնքային ու կրօնական այլազան ձեռնարկներու եւ հանդիսութիւններու ընթացքին։ 1972-80-ին մաս կազմած է կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան։ 1982-ին խմբագրած է ազգային, եկեղեցագիտական, պատմաբանասիրական ու վիճակագրական ուսումնասիրութիւններ ընդգրկող «Լամբրոն» տարեգիրքի առաջին հատորը։ 1982-84-ին խմբագիրն էր «Նոր Այնթապ» պարբերաթերթին, իսկ 1997-էն մինչեւ մահը կը վարէր Անթիլիասի մայրավանքի մատենադարանապետի պաշտօնը։