Մեր հաւաքական թէ անձնական կեանքին մէջ վերջերս երեւոյթ դարձած են.-
- Հայ ժողովուրդի մշակոյթին անյարիր, փողոցային բառապաշարով,
- Ոչ-կիրթ մտադրոյթով,
- Հակատրամաբանական վիճարկումներով,
- Անհանդուրժողական դրսեւերումներով,
Հայ մարդուն անվայել՝ հայավնաս յատկանիշերով բնորոշուող,
ֆէյսպուքեան, հանրային հաղորդակցութեանց, ընկերային հաղորդակցամիջոցներու, թէ հաւաքական միջավայրերու մէջ եւ շուրջ շրջանառուող՝ գրառումները, արձանագրութիւնները, խօսակցութիւնները եւ հաղորդումները:
Մենք` ԶԱՐԹՕՆՔ-ի ընտանիքի անդամներ եւ բարեկամներ, Հայ ժողովուրդին բարօր ապագային ու անոր համամարդկային վերելքին սատարող առաքելութեան հաւատացող հայեր.-
- Որ կը հաւատանք թէ կարելի է ամրակերտել հայութեան բարօր ապագան՝ Հայաստանի եւ Արցախի անկախ հանրապետութիւններու տարածքին վրայ,
- Որ կը հաւատանք թէ հայութիւնը մարդկային առաքելութիւն ունի սատարելու համամարդկային վերելքին,
- Որ չենք հրաժարած հայութենէն,
Կոչ կ’ուղղենք անպայման եւ անմիջապէս դադրեցնել այս երեւոյթը, որովհետեւ այս ընթացքը յղի է հայութիւնը անհետացնող բոլոր գործարքներով:
Փոխարէնը կ’առաջարկենք քննարկել.-
- Հայութեան բարօր ապագան՝ Հայաստանի եւ Արցախի անկախ հանրապետութիւններու տարածքին վրայ, ամրակերտելու,
- Հայութեան՝ համամարդկային վերելքին սատարելու մարդկային առաքելութեան,
- Սփիւռքի գոյատեւման,
եւ նման շինիչ նիւթերու վերաբերող հարցեր:
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի ընտանիքի
անդամներ եւ բարեկամներ