ԶԱՐԹՕՆՔ. ՊԷՅՐՈՒԹ — Այն ինչ, որ կատարուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ նախագահական ընտրութիւններուն նախօրէին, թէ անոր յաջորդող օրերուն յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ ամերիկեան ժողովրդավարութեան հիմքերը վտանգուած են:
Ամերիկացիները, որոնք վարժուած էին միշտ յաղթողները ըլլալու, յանկարծ սթափեցան, որ կ՛ապրին երկրի մը մէջ, որ դժուարութիւն ունի ապահովելու իր ժողովրդավարութեան խորհրդանիշը համարուող՝ կառավարութեան նստավայրը: Զարմացան, որ քորոնաժահրի առումով իրենք կը դիմագրաւեն այն նոյն խնդիրները, զորս կը դիմագրաւէ աշխարհի ամենայետին երկիրը: Հասկցան, որ իրենց պետութիւնը դժուարութիւնը ունի պատուաստ մը բոլորին հասցնելու: Ահաբեկուեցան, տեսնելով, որ իրենց պետական անկոտրում համարուած հաստատութիւնները ոեւէ պահու թիրախ են մրցակիցներու առցանց յարձակումներուն եւ իրենց ամբարած գաղտնի տեղեկութեանց բացայայտումին: Անդրադարձան, որ Ռուսաստանն ու Չինաստանը կրնան միայն ամերիկայի յատուկ կարծուած, նոյն ճարպիկ ձեռնավարութեամբ, առասպելական հսկայ համարուող ամերիկեան համակարգը նեղը մատնել: Ականատեսը հանդիսացան, այն դառն իրականութեան, որ ամերիկեան սահմանադրութիւնը յստակ կերպով ապահովագրած չէ իշխանութեան հեզասահ փոխանցումը…:
Այս իրականութիւնները լուրջ խնդրի առջեւ դրած են գերհզօր երկիրը, որուն համար վերոնշեալները անկանխատեսելի եւ աննախընթաց տկարութեան նշաններ են: Այն ժողովրդավարութիւնը, որ ամերիկայի նորընտիր նախագահը պիտի ժառանգէ՝ ճաքած է ու ժամանակավրէպ, փխրուն է ու անկայուն:
Խօսինք թիւերով.
Միացեալ նահանգներու քաղաքացիին լաւագոյնս կառավարելու հնարաւորութիւնը, հետեւաբար՝ իր լաւակեցութիւնը, մեծապէս կախեալ է համակարգին ժողովրդավարութեան սկզբունքներէն եւ կիրառումէն, որովհետեւ ի վերջոյ ժողովրդավարութիւնը սոսկ թուղթի վրայ գրուած նախատեսութիւն չէ, այլ՝ անոր լաւ եւ նպատակահարմար կիրարկումը: Այս իմաստով, նորընտիր նախագահ Պայտըն ըստ երեւոյթին պիտի չունենայ հեզասահ կառավարման ուժեղ հիմքեր: Ինչո՞ւ.
- Ըստ վերջին տուեալներուն, ամերիկացիներուն 40 տոկոսը, եւ իրենց ձայնը նախագահ Թրամփին տուած քուէարկողներուն 80 տոկոսը կը հաւատան, որ Պայտըն երկրին 2020-ի ընտրութիւններուն օրինական կերպով ընտրուած նախագահը չէ: Այս պատկերը աննախընթաց է ամերիկեան ընտրութիւններու պատմութեան մէջ:
- Քոնկրէսի 145, ներառեալ ծերակոյտի 7 անդամներ քուէարկեցին չեղեալ նկատել Փենսիլվանիայի ընտրութիւններուն արդիւնքը: Այս գործողութիւնը, ի նպաստ էր ընտրութիւնները կորսնցուցած թեկնածուին:
Նայինք մարդկային քաղաքական արդի պատմութեան ընդհանուր պատկերին.
Նախագահական ժողովրդավարութիւնները (ի մտի ունենալով Ֆրանսայի եւ Պրազիլի պարագաները) ենթակայ եղած են տագնապներու, նոյնիսկ ամենալաւ պահերուն: Ո՛չ մէկը իր ձեւին մէջ գոյատեւած է, որքան այսօր տակաւին կը գոյատեւէ ամերիկեանը:
- Ամերիկեան ընտրական կանոնը դիւրաբեկ էր եւ հին՝ Տոնալտ Թրամփին չորս տարի առաջ նախագահ ընտրութենէն ալ առաջ: Ան բեռնաւորուած է ընտրական բարդ եւ անժամեայ գործընթացով: Ըստ ընտրական կանոնին, նախագահի ընտրութեան եւ անոր պաշտօնի ստանձնման միջեւ գոյութիւն ունեցող ժամանակամիջոցը վտանգաւոր ըլլալու աստիճան երկար է: Ընտրական շրջաններն ու քուէատուփերը կարգ մը տեղեր անիրաւ կերպով բաժնուած են դաշնակցային պետութեան եւ նահանգներուն միջեւ:
- Այսօր այլեւս կարելի չէ, մէկտեղել ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը Գանատայի, Գերմանիոյ կամ Ճափոնի ժողովրդավարութիւններուն հետ, որոնց մօտ ժողովրդավարարութեան կիրառումն ու անոր մանրամասնութիւնները շատոնց կը տարբերին այն բանէն, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը գործադրուի:
Ի՞նչ կրնայ պատահիլ մօտիկ ապագային.
Քափիթոլի շէնքին գրաւման թղթածրարով, եթէ նախագահ Թրամփ, որպէս քաղաքացի, դիմագրաւէ քրէական հետապնդում, ապա տիրող իրավիճակը աւելի եւս պիտի բարդանայ: Մինչ եթէ ան, որպէս քաղաքացի, քրէական հետապնդումի առարկայ չըլլայ, երկրին բնակչութեան գոնէ կէսը այս պիտի ընկալէ, որպէս նախագահի մը անձը օրէնքէ վեր ըլլալու փաստ, եւ անշուշտ՝ պիտի հակադարձէ:
Որպէս վերջաբան, ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը երբեւիցէ նման հարցական դրութեան մէջ չէր եղած, նոյնիսկ ժողովրդավարական համակարգին դէմ իր մրցակիցներուն կողմէ շղթայազերծուած, ամենաուժգին պայքարներու օրերուն:
Ներկայ իրավիճակը ինչպէս վերը նշեցինք, իրապէս աննախընթաց է, որուն հետեւանքները նոյնպէս անկանխատեսելի են: Ինչ որ բան պէտք է փոխուի հոն, որուն ուրուագիծերը, ցարդ՝ անյստակ են: Մէկ բան պարզ է, որ իր թնդանօթին բերնին կապած ժողովրդավարութիւն «արտածող» երկիրը կը դիմագրաւէ լուրջ դժուարութիւններ, նոյն այդ ժողովրդավարութիւնը իր իսկ երկրին մէջ նախ կիրառելու գործին մէջ, մինչ իր պետութիւնը յայտնուած է ցեղային իշխանութեան մը միայն յատուկ քաոսի մէջ:
Ս.Յ.