Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր, աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ռուսաստանի Դաշնութիւն:
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուց, որ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը: