Պէյրութի միջազգային օդակայանը կրնայ մէկ շաբաթով փակուիլ մինչ երկիրը ամբողջական արգելափակումի կրնայ ենթարկուիլ:
դռները։
Քորոնաժահրի դէմ համընդհանուր պայքարի կառավարական մարմինը այս յանձնարարութեան յանգած է հաշուի առնելով վարակի արագ տարածումը ու նաեւ հիւանդանոցներու անմխիթար իրավիճակը։ Այս առաջարկը այսօր պիտի ներկայացուի կառավարութեան:
Ըստ յանձնարարութեան, համընդհանուր արգելափակումը ընթացք պէտք է առնէ յառաջիկայ Չորեքշաբթի օր: Այս կարգադրութեան ծիրէն ներս , Ռաֆիք Հարիրիի անուան Պէյրութի Միջազգային օդակայանն ալ մէկ շաբթուայ համար կրնայ դադրեցնել իր աշխատանքները։
Յիշեցնենք, որ վերջին օրերու տուեալներով ամէնօրեայ վարակակիրներու թիւը անցած էր 5- հազարը։