Լիբանան երէկ «արտակարգ իրավիճակ» յայտարարեց որ պիտի գործէ Յունուարի 14 – 25: Նշեալ ժամանակամիջոցին երկիրը ամբողջութեամբ պիտի փակուի եւ պարեկային ժամ հաստատուի օրուայ բոլոր ժամերուն: Կառավարութիւնը այս ծայրայեղ միջոցառումին դիմեց երբ քորոնաժահրի տարածումը արդէն իսկ անզսպելի է: Երկրին առողջապահական համակարգը կը գտնուի անելի առջեւ, մինչ հիւանդանոցները անկարող են այլեւս հիւանդ ընդունիլ:
Հակառակ նախատեսուածին, ամբողջական արգելափակումէն զերծ մնաց Պէյրութի միջազգային օդակայանը, որ նշեալ օրերուն սակայն պիտի գործէ իր կարողութեան 20 առ հարիւրով:
Բոլոր հանրային եւ սեփական հաստատութիւնները փակ պիտի մնան: Փակ պիտի մնան նաեւ պանքերը: Ամէն տեսակի հաւաքոյթ պիտի արգիլուի: արգելափակումը պիտի չընդգրկէ լրագրողները, զինեալ ուժերու եւ առողջապահական համակարգի ծառայողները: Կարգ մը փաստաբաններ եւ դատաւորներ արտօնութիւն պիտի ունենայ տեղափոխուելու պարեկային ժամերուն ընթացքին:
Փուռերը, վարելանիւթի կայաններն ու դեղարանները պիտի բանան իրենց դռները օրական ճշդուած ժամերուն: Սուփըրմարքէթներն ու պարենաւորումի խանութները փակ պիտի մնան: Անոնց պիտի արտօնուի առաքումի ծառայութիւնը: