ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակին առիթով եւ նկատի ունենալով Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային ծանր տագնապները, Հինգշաբթի, 25 Յունիս 2020-ին, ազգային բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ մէկ միլիոն տոլար նուիրեցին Լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան նպատակին։
Լիբանանահայութեան օժանդակութեան այս կարեւոր աշխատանքը իրականացնելու համար, Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմուեցաւ Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրի գործադիր վարչութիւնը, որ ճշդելու համար կարիքաւոր ընտանիքներու ընտրութեան ընթացքն ու գումարներու փոխանցման կարգը, անմիջապէս գործի լծուելով։ Յանձնախումբը աշխատանքի հրաւիրեց նաեւ կամաւորական խմբակներ, որոնք, պարզելու համար մեր համայնքէն ներս գոյութիւն ունեցող իսկական կարիքները, ամբողջացուցին մասնաւոր հարցարաններ եւ դրամական նպաստներու ցրւումի աշխատանքները առաւելաբար կատարեցին Լիբանանի Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն, որոնց աջակցեցան Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնն ու շրջաններու Թաղային Խորհուրդներու անդամներ։
Գործադիր վարչութիւնը Օգոստոս-Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին, երեք յաջորդական հանգրուաններով, 3000 ընտանիքներու տրամադրեց կանխիկ գումարներ։
Այժմ, աշխատանքը բարւոք պայմաններով իր աւարտին հասցուցած ըլլալով, Գործադիր Վարչութիւնը սրտագինս շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր թաղական խորհուրդներուն ու իր աշխատանքին կամաւորաբար օժանդակած մեր հայրենակիցներուն, որոնք իրենց կարեւոր նպաստը բերին նշեալ ծրագիրի յաջողութեան։
Այս առթիւ, Գործադիր վարչութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն եւ երախտիք կը յայտնէ նաեւ ազգային բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն, որոնք ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ գուրգուրանքի առարկայ դարձնելով մեր համայնքի կարիքաւոր ընտանիքները, նաեւ շարունակաբար ու իշխանվայել մասնակցութեամբ կը մնան լիբանանահայութեան կողքին։
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ
ՊԷԶԻՔԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ