ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Այն ինչ որ պատահեցաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ՝ Յունուար 6-ին, աննախընթաց երեւոյթ մըն էր ամերիկեան քաղաքական հորիզոնին վրայ։ Նախագահ Թրամփի հաւատաւոր՝ հազարաւոր հետեւորդները յարձակեցան օրէնսդրական մարմնի նստավայրին վրայ եւ աւեր գործեցին ու մահ սփռեցին, խախտելով երկրի ռամկավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած օրէնքներն ու աւանդութիւնը։
Սակայն խելագարած ամբոխներու անվայել ընթացքէն աւելի խոցելի է Նախագահ Թրամփի հռետորական պատգամը՝ որ հրահրեց ամբոխները բողոքի ցոյցերով երթալու երկրին մայրաքաղաքը եւ արգիլելու Ներկայացուցիչներուն եւ Ծերակոյտի անդամներուն, որ վաւերացնեն Պայտընի ընտրութիւնը որպէս երկրի 46րդ նախագահը, որ իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ Յունուար 20-ին։
Բայց հակառակ որ միացեալ մարմնի նիստը յետաձգուեցաւ՝ նստավայրին մէջ ընթացք առած խուժանին ապստամբութեան պատճառով, քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ առաւօտեան փոքր ժամերուն եւ նախկին Փոխ-Նախագահ Ճոզէֆ Պայտընի ընտրութիւնը վաւերացուեցաւ մեծամասնութեան ձայնով։
Այս ընթացքով՝ ամերիկան եւ իր ռամկավարական սկզբունքները ծիծաղի առարկայ դարձան աշխարհով մէկ, յատկապէս բռնատիրական երկիրներուն մէջ՝ ինչպիսին են Չինաստանն ու Պարսկաստանը, ի միջի այլոց։ Պարզաբանելով անոնց ղեկավարներուն արտայայտութիւնը՝ կարելի է ըսել հետեւեալը, «Եթէ է այս է ռամկավարութիւնը, ուրեմն ան մեզի պէտք չէ։»
Շատեր այպանեցին Նախագահ Թրամփը որ տակաւին չէ ընդունած Նոյեմբեր 3-ի ընտրութեանց արդիւնքը եւ ըստ սովորութեան՝ չէ շնորհաւորած նորընտիր Նախագահ Պայտընը։ Առաւել՝ ան շեղելով ընդունուած աւանդութեան, պիտի չմասնակցի ընտրուած Նախագահ Պայտընի երդումնատուութեան պաշտօնական արարողութեան, Յունուար 20-ի կէսօրին։

Զինք այպանողներու ցանկին գլուխը կը գտնուի Քալիֆորնիոյ նախկին Կառավարիչ հանրապետական Արնոլտ Շուացընէկըրը։ Ան ծնած է Աւստրիոյ մէջ՝ 1947-ին, յետ երկրորդ համաշխարհային պատերազմին։ Ան Յունուար 6-ի ներխուժումը՝ պատուհաններու ջարդումով, օրէնսդիր մարմնի նստավայրէն ներս նմանցուց 1938-ի Նացիներուն “Broken Glass”-ի յարձակումին, Գերմանիոյ եւ Աւստրիայի հրէական կրօնական եւ առեւտրական հաստատութեանց վրայ։
Մէջբերելով Շուացընէկըրի Յունուար 10-ի ժողովուրդին ուղղուած պատգամէն, հետաքրքրական է յիշել հետեւեալ կէտերը։
- Թրամփը «ձախողած առաջնորդ» մըն է։ Ան՝ պատմութեան մէջ պիտի յիշատակուի որպէս Միացեալ Նահանգներու յոռեգոյն Նախագահը։ Ուստի կը խնդրեմ նեցուկ կանգնիլ ընտրուած Նախագահ Պայտընին։
- Մենք պէտք է բուժուինք (heal) ոչ որպէս Հանրապետական կամ Ռամկավար, այլ որպէս Ամերիկացիներ։
- Նախագահ Թրամփ ուզեց արդար ընտրութեան մը արդիւնքը յեղաշրջել։ Անոր նպատակն էր յեղափոխութիւն յառաջացնել, ժողովուրդը մոլորեցնելով սուտերով։
Յատկանշական է նշել որ Թրամփի կառավարութենէն եւ աշխատակազմէն շատեր հրաժարելով հեռացան իրմէ։ Իսկ Փոխ-Նախագահ Բէնս նախ շնորհաւորեց ընտրեալ Նախագահ Պայտընը եւ ապա չանսալով Նախագահ Թրամփի խնդրանքին, խորհրդարանին մէջ վաւերացուց Պայտընի ընտրութիւնը եւ յայտարարեց որ պիտի մասնակցի անոր երդումնատուութեան արարողութեան։
Եզրակացութիւն՝ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը վստահութիւնը կորսնցուց Թրամփի նկատմամբ եւ որոշեց նեցուկ կանգնիլ Պայտընին։ Ուրեմն մեզի կը մնայ ըսել «Ձայն Բազմութեան՝ Ձայն Աստուծոյ» եւ վերջ։