Պայմանաւորուած վերջին շաբաթներուն երկրին մէջ ստեղծուած ծանր համավարակային վիճակով Լիբանան այսօր մտաւ համընդհանուր փակման փուլը, որ պիտի երկարի մինչեւ յառաջիկայ 25 Փետրուար:
Ապահովական ուժեր անցարգելներ պիտի տեղադրեն ամեն տեղ հսկելու համար երթեւեկող քաղաքացիներու այդ բանը ընելու իրաւունքի առկայութիւնը:
Նշենք, որ վերջին օրերուն Լիբանանի մէջ վարակուածներու թիւը օրական կտրուածքով հասած էր մինչեւ 5000-ի ստեղծելով մտահոգիչ իրավիճակ։
Հիւանդանոցներ դարձած են անկարող ընդունելու նոր հիւանդներ դրութիւնը դարձնելով աւելի քան տագնապալի։