Յարգելի բարեկամներ,
Շնորհակալութեամբ ստացանք Ձեր 14.01.2021 թուակիր մամլոյ հաղորդագրութիւնը, եւ ինչպէս միշտ պատրաստ ենք զայն հրատարակելու ԶԱՐԹՕՆՔ-ի էջերուն մէջ, թէ՛ տպագիր եւ թէ՛ առցանց:
Սակայն ատենն է այլեւս բարձրացնել հետեւեալ հարցումը եւ խնդրելու պէս պահանջել Ձեզմէ, որ լրջօրէն նկատի ունենաք հետեւեալները.
- Հիմնականին մէջ, նաեւ Սփիւռքին ուղղուած հաղորդագրութիւն մը աւելի պատշաճ չէ՞, որ ունենայ իր արեւմտահայերէն տարբերակը, երբ ազգային մտահոգութիւններով եւ անսակարկ նուիրաբերելու ոգիով գործած է ու գործէ նաեւ աւանդական Սփիւռքը՝ հիմնական յենարաններէն մէկը հանդիսանալով Ձեր տնօրինած հիմնադրամին:
- Նման ազնիւ նախաձեռնութիւն մը Ձեր կողմէ որդեգրուելու պարագային, փափկանկատութիւն ըլլալէ անդին եւ վեր, հիմնադրամին ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ըլլալը աւելի եւս շեշտելու չի՞ ծառայեր:
- Արեւմտահայերէնը որպէս վտանգուած լեզու, անոր պաշտպանութիւնն ու պահպանումը սկզբունքով ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամին ծրագիրներուն եւ առաքելութեան մաս պէտք է կազմէ ընդգրկուելով անոր պիւտճէին մէջ: Հիմնուելով այս բանին վրայ, նուազագոյնը չէ՞ այդ ճամբուն վրայ հիմնադրամը գոնէ իր յայտարարութիւնները կատարէ նաեւ արեւմտահայերէնով, որպէս զօրակցութիւն եւ անոր պահպանումին սատարող՝ նուազագոյն պիւտճէն պահանջող քայլերէն մին…:
- Մեր նոյն նկատողութիւնը կը վերաբերի նաեւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամի պաշտօնական կայքի լեզուին, ուր ազնիւ եւ նպատակայարմար կ՛ըլլար եթէ այնտեղ ի գործածութիւն դրուած զանազան լեզուներու տարբերակներուն վրայ աւելնար նաեւ արեւմտահայերէնը: Մեր կողմէ առաջարկուած չափազանցութի՞ւն կրնայ նկատուիլ այս կէտը:
- Վերջապէս, մարքեթինկ-իթէ Փի Ար-ի կանոններով, տարրական միջոց չէ՞ թիրախաւորուած ընկալողին հասկնալի, հաճելի կամ ընկալելի լեզուող տեղեկութիւն փոխանցելը կամ կոչ ուղղելը…:
Վերոյիշեալ կէտերուն միտք բանին, բացառապէս ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամին չի վերաբերիր անշուշտ: Ան կը վերաբերի նաեւ իրենց հաղորդագրութիւններով կամ կոչերով աւանդական Սփիւռքին եւս դիմող ՀՀ պետական, հասարակական, «համահայկական», թէ այլ շատ մը հաստատութիւններուն, կազմակերպութիւններուն կամ անհատներուն:
Մեզի համար հասկնալի է, որ մեր պահանջքը կը կարօտի համապատասխան մարդուժի: Հետեւաբար, սոսկ քննադատութենէ անդին անցնելով, այս խնդրին շինիչ լուծումին համար մենք բոլոր խնդրոյ առարկայ կողմերուն կ՛առաջարկենք գործակցութեան մեր ամբողջական պատրաստակամութիւնը:
Յարգանքներով՝
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ