Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ վտանգ կառավարութեան կազմութեան հարցով մինչ տնտեսութիւնը աւելի եւս կը գահավիժի ու քորոնաժահրը աւերներ կը գործէ:
Անելին պատճառը նախագահի եւ նշանակեալ վարչապետի անհամաձայնութիւնն է, որոնք զիրար կը մեղադրեն ձախողութեան համար: Իրար հանդէպ փոխադարձ յայտարարութիւնը անվստահութեան մթնոլորտ մը ստեղծած է, որ կը սպառնայ կառավարութեան կազմութեան իրագործումին:
Այս անկայուն իրավիճակը լիբանանեան դրամանիշը աւելի եւս արժեզրկեց շուկայի վրայ, որուն անկումային արժէքը մէկ ամերիկեան տոլարի դիմաց հասաւ 9000 լիբ. ոսկիի սահմանները: