Սարսափելի իրականութիւններու մէջ կ՛ապրինք։ Լիբանանի բազմատեսակ տագնապներուն, տնտեսական դժուարութիւններուն, պայթումին եւ ապահովական անկայունութեան վրայ աւելցաւ Քորոնայի մահացու վտանգը։
Ամիսներ զգուշացուցինք, կանխարգիլման քայլերու դիմեցինք, պայքարեցանք, տարածումը սահմանափակեցինք, սակայն նոր տարուան տօնախմբութիւններն ու «կեանքը շարունակելու տրամաբանութեամբ» անցնող շաբաթներուն երկիրը «բնականոն»-ի վերածելու մթնոլորտը պայթեցուց կացութիւնը։
Այո՛, Լիբանանը առողջապահական քաոսի դէմ յանդիման կը գտնուի, եւ լիբանանահայութիւնը այս իրականութենէն անմասն չի կրնար մնալ։
Անցեալին վարակուողներու անուններով ու թիւով կը մտահոգուէինք, մինչ այսուհետեւ տուն ու թաղ չկայ, որ վարակուող չունի։ Ներկայիս մտահոգիչը վարակուողներու կորուստն է, մահն է։ Ժահրը կը շարունակէ հոգիներ խլել, ամէն առաւօտ տխուր լուրով կ՛արթննանք, եւ այսօր արդէն երկու երիտասարդներ ալ կորսնցուցինք, որոնք տակաւին շատ տալիք ունէին ե՛ւ ընտանիքներուն եւ ընկերութեան։
Զգոյշ ըլլանք։ Գալիք օրերուն տուներէն աղօթենք եւ տուներէն բարեկամներու ու ազգականներու հետ զրուցենք։ Անջատուինք միջավայրէն, բոլորէ՛ն։ Օգտագործենք ընկերային ցանցերը եւ բաւարարուինք հեռակայ կապերով։ Լիբանանի հիւանդանոցներու վիճակը ողբերգական է եւ գալիք օրերուն այս ընթացքով տեղ անգամ պիտի չմնայ, իսկ պետութեան դիմած քայլերը՝ անբաւարար։
Այսօրուան հեռաւորութեան հասկացողութիւնը տունը մնալն է, որովհետեւ մարդոցմէ հեռու մնալով կեանքեր կրնանք փրկել եւ կամ ալ ասոր կամ անոր մահուան պատճառ չդառնալ։
Զգոյշ ըլլանք։ Տխուր է պատկերը, եւ յուսանք, որ կանգ կ՛առնէ մեր հարազատներու, սիրելիներու եւ ընկերներու կորուստի շարքը․․․
Այո՛, բոլորէն հեռու մնանք՝ բոլորին համար։
ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ