Լիբանան կը պայքարի քորոնայի դէմ: Անոր միակ գրաւականը, վերջին արգելափակումներուն ամբողջական յաջողութիւնն է՝ մինչ համավարակի անխնայ տարածման իրավիճակը կը մնայ շատ բարդ:
Երէկ երկրորդ օրն ըլլալով Լիբանանի ամբողջ տարածքին համընդահնուր արգելափակումը ընդհանուր առմամբ յարգուած է։ Արդարեւ, կառավարական մարմիններուն կողմէ տարուած մեծ ճիգերուն զուգահեռ երկրի լրատուական միջոցները մեծ աշխատանք կը տանին քաղաքացին իրազեկելու համար իրավիճակին տագնապալից ըլլալը։
Այս պահուն աւելի քան բարդ է հիւանդանոցներու դրութիւնը, մինչ պետական մարմիններ արդէն իսկ սկսած են խօսիլ, որ երկրով մէկ տարածուած կառավարական հիւանդանոցները պիտի ծառայեն եւ ընդունին բացառապէս Քորոնայով հիւանդ ծանր պարագաները։
Այս բոլորին զուգահեռ, երէկ Լիբանանի խորհրդարանը յաջողեցաւ վաւերացնել օրէնք մը, որուն հիմամբ յառաջիկայ Փետրուար ամսուան ընթացքին Լիբանան կը հասնին «Քովիտ-19»ի առաջին պատուաստները։
Ըստ վաւերացուած օրէնքին, մէկէ աւելի պատուաստատեսակ պիտի արտօնուի երկրին մէջ յաջորդող երկու տարիներուն:
Ֆայզըր ընկերութենէն 2.1 միլիոն պատուաստի արագ պատուէր պիտի դրուի, որուն առաջին 60000-ը Պէյրութ պիտի հասնի Փետրուարի կիսուն:
Մինչ պատուաստը ամբարելու, բաժնելու կամ զայն ընդհանրապէս տնօրինելու պայմանները տակաւին կը մնան անյստակ, որոշում տրուած է, որ երկրին տարածքին շուրջ 34 կեդրոն բացուի պատուաստումի համար: