Մատթէոս Զարիֆեան (16 Յունուար 1894, Կէտիկ-Փաշա (Պոլիս) — 9 Ապրիլ 1924), հայ բանաստեղծ։
Ծնած է Պոլիս։ Կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է Սկիւտարի մէջ, որուն գեղածիծաղ ծովը եւ երկինքը ազդած են ինչպէս Պետրոս Դուրեանի նոյնպէս իր վրայ։ Կրթութիւնը ստացած է Իճատիէի դպրոցին մէջ, ապա Պարտիզակի Ռոպէրթ Գոլէճին եւ Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է 1913-ին՝ «Պսակաւոր Արուեստից» տիտղոսով։ Ուշադրութիւն գրաւած է իր մարզիկի շնորհներով եւ ըմբոստ հոգիով, որուն հետեւանքը, մասամբ եղած են իր տեղափոխումները դպրոցէ դպրոց։
1913-ին՝ տակաւին պատանի, ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Ատանա, որպէս անգլերէնի եւ մարմնամարզութեան ուսուցիչ։ Հոս է, որ մարզական փորձերու ընթացքին կը զգայ առաջին նշանները թոքախտին։ Կ’ընդհատէ ուսուցչական գործը։ Պահ մը կը մնայ Լիբանան` փորձելու համար լեռնային օդի շնորհիւ վերագտնել առողջութիւնը։
Նոյեմբեր 1914-ին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ կը մտնէ, կը զօրակոչուի իբր պահեստի ենթասպայ։ Զինադադարին պահ մը կրկին կը դառնայ ուսուցչութեան, բայց թոքախտին գործած աւերը զգալի է արդէն։ Այս փուլին է, որ երբեմնի մարզիկը կը յայտնուի իբր բանաստեղծ` պատերազմէն ետք, սկսած «Ճակատամարտ» թերթին մէջ լոյս ընծայած իր բանաստեղծութիւններով։ Ուստի իր առաջին գործը մամուլի մէջ տպագրուած է 1918-ի զինադադարէն ետք։ Իսկ առաջին գիրքը 1921-ին՝ «Տրտմութեան Եւ Խաղաղութեան Երգեր»ը։ Զարիֆեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ երգած է սէրը, տրտմութիւնն ու մահը։
Դուրեանի, Մեծարենցի եւ Տէրեանի այս բախտակիցը` սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրէն կը զանազանուի իրեն բնորոշ մի քանի գիծերով։
1921-ին լոյս կը տեսնէ քերթուածներու առաջին հատորը, իսկ 1922-ին՝ երկրորդը։
1924 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ կը մահանայ 30 տարեկան հասակին։