Մինչ քորոնաժահրը իր զոհերը հնձէ ու կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ՝ նորութիւն մը կը հրապարակուի. «Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ետին կայ սուրիական հետք»:
Արդարեւ սուրիացի երեք վաճառականներ առնչութիւն ունին ամոնիումի նիթրաթի գնման հետ, որ 8 տարիներ առաջ հասած է Պէյրութի նաւահանգիստ եւ 2020-ի օգոստոսի 4-ին դարձաւ խոշոր պայթումի պատճառ:
Արդարեւ Asharq Al-Awsat լրատուամիջոցի տեղեկութիւններով՝ խօսքը սուրիոյ իշխանութիւններուն մօտ համարուող Ժորժ Խասուանիի, Իմատ եւ Մուտալյալէ Խուրիներուն մասին է, որոնք զբաղուած են երկրին նաւթամթերքներուն եւ այլ ապրանքներու ներմուծմամբ: Երեքն էլ ներառուած են Սուրիայի այն քաղաքացիներուն շարքին, որոնց նկատմամբ այսօր կը գործեն ամերիկեան պատժամիջոցներ:
Նոյն թերթին հաղորդմամբ, կը նշուի, որ Պէյրութի նաւահանգստին մէջ 2013-էն ի վեր պահուած նիթրաթը, նախատեսուած եղած է սուրիական բանակին գործածութեան համար: