Մինչ կառավարութիւն կազմելու անելը կը շարունակուի, երէկ Լիբանանի մէջ գրանցուեցաւ 53 մահուան դէպքեր քորոնաժահրի հետեւանքով: Այս թիւը մրցանշային է այս վարակին յայտնաբերուելէն ի վեր: Նոյն օրը վարակուածներու թիւը 3144 յայտարարուեցաւ հիմնուելով կատարուած 12371 քննութիւններու վրայ:
Վերջին երկու շաբաթներուն ժահրի առկայութեան դրական արդիւնք արձանագրուեցաւ միջին հաշուով 19.6 առ հարիւր համեմատութեամբ, ինչ որ միջազգային չափանիշով բարձր թիւ է:
Խիստ արգելափակումները կը շարունակուին, յուսալով որ վարակուողներու թիւը անկում արձանագրէ: