Շաբաթ, 16 Յունուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով գուժեց Կիլիկիեան Ուխտի աւագ անդամներէն հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի վաղահաս վախճանումը։
Արդարեւ, Կիրակի, 17 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին, մէջ յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, կատարուեցաւ հոգելոյս սրբազանին վերջին օծման եւ թաղման կարգը, մասնակցութեամբ եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերու։ Նկատի առնելով թագաժահրին (քորոնա վիրուս) ստեղծած կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պետութեան երկրի ամբողջական փակման որոշումը, թաղման արարողութեան ներկայ էին միայն հոգելոյս սրբազանին ընտանեկան ու ազգականական պարագաները։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, նախքան սրբազան հօր մարմինին փոխադրութիւնը Մայրավանքի յուշարձան-յամբարան, Նորին Սրբութիւնը արտասանեց իր դամբանական խօսքը։
Ան վկայակոչելով Պօղոս առաքեալին «բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքը պահեցի» (Բ.Տիմ 4.7) խօսքը, յայտնեց, որ իսկական բարի պատերազմ մըն էր անոր կեանքն ու առաքելութիւնը՝ ի խնդիր այն աշխատանքներու իրագործման, որոնք բարիք կը բերեն մեր ժողովուրդին եւ կը պայծառացնեն մեր եկեղեցին։ Շուրջ 30 տարիներ այս գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ նուիրումով իր բարի պատերազմը պատերազմեցաւ Մեղրիկ սրբազանը, Մայրավանքէն թէ մեր թեմերէն ներս։ Ան իր ստանձնած բոլոր պաշտօնները եւ բոլոր պատասխանատուութիւնները կատարեց բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով, հաւատքով ու սիրով, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց հոգելոյս սրբազանին յատկանիշներէն երկուքը՝ հաւատարմութիւնն ու ծառայասիրութիւնը։ Հայրապետը ըսաւ, որ Մեղրիկ սրբազանը մինչեւ իր կեանքին վախճանը հաւատարիմ մնաց իր կոչումին՝ հակառակ կեանքի դժուար պայմաններուն եւ մարտահրաւէրներուն։ Ան յայտնեց, որ դիւրին չէ հաւատարիմ մնալ կոչումին, մանաւանդ, երբ կոչումի գիտակցութիւնը անձը կը դնէ ծանր պարտաւորութեան տակ։ Մեղրիկ Սրբազան հոգեւորականի կոչումի գիտակցութեամբ արժեւորեց իր կեանքը՝ մնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դաւանած արժէքներուն, սկզբունքներուն եւ մօտեցումներուն հաւատարիմ։
Անդրադառնալով սրբազանին ծառայասիրութեան, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, թէ ծառայութիւնը Մեղրիկ սրբազանին արեան մաս կը կազմէր եւ վախճանեալը չէր կրնար իր կեանքին մէջ վայրկեան մը իսկ անցնընել առանց ծառայելու։ Արդարեւ, սրբազանը իր կեանքը ըմբռնեց ու իրագործեց էապէս որպէս ծառայութիւն։ Սիրե՛ց ծառայել եւ ծառայե՛ց սիրելով, հաւատալով ու ամբողջական նուիրումով, որովհետեւ ա՛յս է հոգեւորականին կոչումը, ա՛յս է մանաւանդ Անթիլիասակա՛ն ոգին, դաւանանքը ու յանձնառութիւնը իր մէջ կրող հոգեւորականին։ Այսպէ՛ս եղաւ Մեղրիկ սրբազան, եւ այսօր ան այս երկրաւոր կեանքէն կը հեռանայ եւ արդադօրէն, Պօղոս առաքեալին բառերով, իր բարի պատերազմը հաւատարիմ ու քաջ կերպով պատերազմած։
Հայրապետը խօսքը եզրափակեց՝ յայտնելով, որ տակաւին շատ բան ունէր տալիք սրբազանը, սակայն մեր կեանքերը Տիրոջ կը պատկանին, իսկ սրբազանը կ՚երթայ, դարձեալ Առաքեալին բառերով, երկինքի վկաներու խումբին միանալու՝ իբրեւ վկայ, որ աւելի քան 30 տարիներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով Քրիստոսի Աւետարանի արժէքներուն ու ճշմարտութիւններուն մասին հաւատարմութեամբ, նուիրումով ու սիրով վկայած։
Ապա, միաբան հայրերէ կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ միաբանական յուշարձան-դամբարան, ուր տեղի ունեցաւ գերեզմանի կարգը եւ կնքնման արարողութիւնը։