Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. Գերսամ Ահարոնեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Գերսամ Ահարոնեան (Նոյեմբեր 9, 1916, Մարաշ — Յունուար 20, 1981, Պէյրութ)

Այսօր կը զուգադիպի մահուան 40 ամեակը՝ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի երկարամեայ խմբագրապետ՝ Գերսամ Ահարոնեանին: Այս առիթով, որոշ յապաւումներով կ՛արտատպենք՝ 5 տարիներ առաջ մեր պաշտօնակից՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ շաբաթաթերթին մէջ, երախտաւորին ծննդեան 100ամեակին եւ 35ամեակին առիթով հրատարակուած՝ հալէպահայ մտաւորական եւ լեզուագէտ՝ Լեւոն Շառոյեանի յօդուածը:

Սոյն յօդուածը ատենին մեկնաբանած է, այլ երախտաւոր մը՝ Սարգիս Վահագն. «Իսկապէս գնահատելի կը գտնեմ Շառոյեանի այս եւ ուրիշ բազմաթիւ գրութիւնները որոնք անաչառ մօտեցումով, առանց նուազագոյն խտրականութեան կը ներկայացնեն անցեալի հայ իրականութիւնը: Պարկեշտ մտաւորականի տիպարն է ան այնքա՜ն հազուագիւտ:Անշուշտ գնահատականիշը պէտք է նաեւ տալ անոր գրութիւնները հիւրընկալող մամուլին ալ, որ շատ անգամ ըլլալով հանդերձ կողմի մը ձայնատարը,չի վարանիր հակառակ կողմի արժանաւորներն ալ գնահատել:

Խմբ.

Գերսամ Ահարոնեան — Հարիւրամեակ

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Այս օրերուն, կարգ մը հայահոծ գաղութներու մէջ, Ռ.Ա.Կ.-ի շրջանակն ու Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը ոգեկոչական ձեռնարկներով կը վերյիշեն իրենց երբեմնի ղեկավար դէմքերէն մէկը՝ հրապարակագիր ու հանրային գործիչ Գերսամ Ահարոնեանը։
…Առիթներ են ասոնք, որպէսզի չմոռնանք մեր անցեալի երախտաւորները։
Գերսամ Ահարոնեան սփիւռքահայ մամլոյ այս փայլուն ու երկարամեայ ծառան, որ 1948-էն մինչեւ իր մահը՝ 1981, լման 33 տարի, ձեռնհասօրէն խմբագրեց Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթը, անոր էջերուն վրայ փռելով առաջնորդող յօդուածներու, գաղափարաշունչ պատգամներու կամ խմբագրականներու ծաւալուն սիւնակներ, որոնք թէ՛ հայերէն լեզուի յղկուած ու գեղեցիկ նմոյշներ էին, թէ՛ ալ հանրային կարծիք կը ձեւաւորէին մեր ժողովուրդը յուզող ինչ-ինչ հրատապ հարցերու շուրջ։ Գերսամ Ահարոնեանի անունը, այդպէս ալ, գրեթէ կը նոյնանար «Զարթօնք»-ի հետ, մէկը միւսէն կախեալ, մէկը միւսով պայմանաւոր։
Ահարոնեան զէյթունցի ծնողներու զաւակ էր, ծնած՝ 1916-ին, Մարաշ։ Իր հայեցի դաստիարակութեան մէջ կարեւոր դեր խաղաց Հալէպը, ուր ստացաւ իր նախակրթութիւնն ու երկրորդական ուսումը (Հայ Աւետ. Բեթէլ վրժ. եւ Ալէփփօ Գոլէճ)։ 1935-ին մեկնեցաւ Կիպրոս, ուր հետեւեցաւ Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան վարժապետանոցի երկամեայ դասընթացքներուն՝ ուսուցիչ ունենալով Վահան Թէքէեանը։ Յետոյ, միեւնոյն կրթօճախին մէջ ալ պաշտօնավարեց հինգ տարի, 1937-էն 1942։
Պէյրութ հաստատուելով՝ Գերսամ Ահարոնեան լծուեցաւ հանրային-կուսակցական հեւքոտ աշխատանքներու։ Ստանձնեց «Զարթօնք»-ի խմբագրապետութիւնը, երկար տարիներ ուսուցչագործեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան զոյգ վարժարաններուն մէջ (կը դասաւանդէր Հայոց Պատմութիւն), ձեռնհասօրէն դասախօսեց Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկէն ներս, հիմնադիրներէն մին եղաւ Թէքէեան Մշակ. Միութեան (1947-ին)՝ Բարունակ Թովմասեանի, Հրաչեայ Սեդրակեանի, Հայկաշէն Ուզունեանի եւ քանի մը գաղափարակից ընկերներու հետ։
Ռ.Ա.Կ.-ի ամենէն հեղինակաւոր ու կարկառուն դէմքերէն մին էր ան։ Կը գործէր թէ՛ զուտ կուսակցական, թէ՛ միութենական, թէ՛ կրթական, թէ՛ մամլոյ մարզերուն մէջ հաւասարապէս։ Կը պատմուի, թէ երբ սկիզբ առաւ Պէյրութի «Թէքէեան կեդրոն»-ի շինութեան ծրագիրը, 1969-ին, Ահարոնեան մինչեւ Ամերիկա գնաց դրամահաւաքի, ու Լիբանան վերադարձաւ՝ լեցուն մախաղով ու արդիւնաւէտ իրագործումներով։
Իրեն համար մտասեւեռում մը մնաց միշտ Արեւմտահայաստանի Դատը։ Այս հարցին նուիրեց հրապարակագրական-վերլուծական անհամար յօդուածաշարքեր, խրախուսելով հայ զանգուածները՝ քալելու «Մեծ երազի ճամբուն վրայ»-էն…։
Այո՛, «Մեծ երազի ճամբուն վրայ»։ Ասիկա Հայկ. Հարցին խոր ու բազմակողմանի սերտողութեան նուիրուած իր 72 խմբագրականներու մէկ ժողովածուն էր (1964), ուր կը գծէր ան մեր ժողովուրդին փշոտ ու արիւնոտ ուղին։ Այս գիրքը հրատարակուեցաւ երիցս, յետագային ալ թարգմանուեցաւ անգլերէնի ։
Շատեր Գերսամ Ահարոնեանը կոչեցին «Մեծ երազի ճանապարհորդը»։
Իր շատ կարեւոր ու անկորնչելի մէկ գործն ալ այն հաստափոր «Յուշամատեան»-ը եղաւ, որ նուիրուած էր Մեծ Եղեռնի 50-ամեակին (1965)։ 1140 էջնոց ու 400 պատկերներով բացառիկ ժողովածու մըն էր այս, եւ որ այնքա՜ն լայն ժողովրդականութիւն վայելեց ամէնուրեք՝ քսան տարուան ընթացքին արժանանալով երեք իրերայաջորդ տպագրութիւններու։ «Զարթօնք» օրաթերթի կարեւոր ու անմոռանալի իրագործումներէն մէկն էր ասիկա, զոր գլուխ հանեց Գերսամ Ահարոնեան, իրեն օգնական ունենալով ողբացեալ արձակագիր Նազարէթ Թօփալեանը։
Գերսամ Ահարոնեան, իբրեւ հմուտ պատմագիր ու աշխարհագրագէտ, աչքի լոյս թափեց այս ծանրածանր «Յուշամատեան»-ին վրայ, կրցաւ բազմատասնեակ մտաւորականներու աշխատակցութիւնը ապահովել անոր ու կազմել իր տեսակին մէջ աննախընթաց ժողովածու մը։ Մեծ Եղեռնի իսկակա՛ն հանրագիտարան մը։ Այստեղ ներկայացուած էին 1915-ին Թրքահայաստանի ու Կիլիկիոյ բոլոր գաւառներուն կոտորածները, տարագրութեան եւ աքսորի պատմութիւնները, կարելի մանրամասնութեամբ ու արժէքաւոր վկայութիւններով։ Մեր առջեւ կը պարզուէին արիւնոտ ոդիսականները Տարօնի ու Վանի, Կեսարիոյ ու Եօզկաթի, Իզմիրի եւ Բիւթանիոյ, Կարնոյ ու Խարբերդի, Հաճընի ու Զէյթունի, Եդեսիոյ եւ Տրապիզոնի…։ Հատորը ունէր պատմագրական, յուշագրական, փաստագրական ու գրական մեծ արժէք։
Ահարոնեան, այս «Յուշամատեան»-ին յառաջաբանին մէջ կը գրէր.
– Ճիգ մըն է այս՝ վերյիշեցնելո՛ւ աղէտը։ Փորձ մըն է՝ ուրուագծելու պատմութիւնը մեր ժողովուրդի տարագրութեան, չարչարանքներուն ու բնաջնջումին, եւ գերազանց ուժերու դէմ անոր դիւցազնական մարտնչումներուն։ Ճիգ մը նաեւ՝ նոր սերունդին առջեւ պարզելու մեր ժամանակակից պատմութեան ամենէն արիւնոտ էջը, բայց մանաւանդ շեշտելու՝ իր ազգային ժառանգութիւնը կամ իր հողային իրաւունքները պահանջելու բացարձակ անհրաժեշտութիւնը։
Յետոյ կը շարունակէր.
– Ողբի եւ կոծի մատեան մը չէ այս, եւ մեր նպատակը չէ եղերամայրերու ու պարտուածներու առատ նիւթ հայթայթել։ Թրքական ցեղասպանութեան ամենավայրագ պատկերները պարզելով ու դիտելով հանդերձ, մենք կը ջանանք խածնել մեր շրթները եւ զսպել մեր արցունքները, ու չընկճուիլ երբեք, այլ ընդհակառակը, մենք կը փորձենք ներշնչուիլ մեր գոյամարտի հայրենանուէր հերոսներու սխրագործութիւններէն ու խանդավառուիլ այն մեծ հրաշքով, որ մեր բազմաչարչար ժողովուրդի վերածնունդն է, անոր պետական եւ ազգային օճախին վերականգնումն է։ Ու մենք կը վճռենք, արցունքի հովիտէն անցնելէ ետք, քալել անյողդողդ մեր Մեծ Երազի ճամբուն վրայ, քալել ինքնավստահ՝ դէպի վերջնական յաղթանակ։
Ի՜նչ մեծ հաւատք, ու ի՜նչ անընկճելի գաղափարական համոզում։
Սփիւռքի Ա. սերունդի հանրային ու մամլոյ գործիչներու նուիրեալ փաղանգին ուշագրաւ մէկ դէմքն էր Գերսամ Ահարոնեան։

«Հայրենիք»

15 Դեկտեմբեր, 2016

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img