Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Մանկութեանս Յուշերէն

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Թէեւ մարդ արարածը ընդհանրապէս իր մանկութիւնը չի յիշեր, սակայն իր ծնողքը եւ կամ մօտիկ բարեկամներ այդ յուշերը՝ ըլլան անոնք դրական թէ բացասական, իրեն կը հաղորդեն երբ ան մեծնայ եւ հասկնալ սկսի։ Իմ այդ քաղցր յուշերէն երկուքը կ՛ուզեմ բաժնել այսօր մեր ընթերցողներուն հետ։

Երուսաղեմի իմ մանկութենէս այդ երկու դէպքերէն երկրորդը՝ երկար մնաց իմ յիշողութեանս մէջ, որովհետեւ ան ակամայ իմ կեանքս հիմնովին յեղաշրջեց։ Երուսաղեմ՝ մենք կը բնակէինք Հայոց վանքի (տես նկարը) Շորայ թաղին մէջ, տասնեակ մը այլ ընտանիքներու հետ։ Հոն կար երկար բակ մը, որուն երկու կողմերը կը գտնուէին բնակելի սենեակները։

Դէպք Առաջին

Ծնողքս կը պատմէր թէ երբ քալելու ելայ, սկսայ կաղալ։ Հայրս զիս բժիշկի կը տանի եւ ան ախտաճանաչում կատարելէ եւ յարկ եղած դարմանումը ի գործ դնելէ ետք, մէջքէս վար երկու ոտքերս կը պատէ գաճով։ Ըստ բժիշկին՝ երկու կողմերուս ազդրի ոսկորներու վերի մասը որ գնդակի ձեւ ունի (hip bone balls) իրենց խոռոչէն (socket) շարժած էին, որը պատճառ կը դառնար որ ես կաղայի։

Մէկուկէս տարի ոտքերս գաճի մէջ մնալէ ետք, բուժուեցայ եւ սկսայ կանոնաւոր կերպով քալել։ Այս բոլորը սակայն ես չեմ յիշեր, փոքր տարիքիս պատճառաւ։ Յետագային երբ պատերազմին պատճառաւ Հալէպ փոխադրուեցանք, Երուսաղեմէն հիւրեր կու գային եւ կ՛այցելէին մեզ։ Անոնք յաճախ կը խնդրէին որ քալեմ, տեսնելու համար թէ արդեօք տակաւին կը կաղայի՞ . . .

Ես երբ զարմացած կը հարցնէի ծնողքիս թէ ինչո՞ւ այս տարօրինակ հետաքրքրութիւնը, անոնք բացատրեցին եղելութիւնը եւ ես հասկնալով բուն պատճառը՝ բաւարարուեցայ եւ կեանքս շարունակեցի ապրիլ բնականոն կերպով։

Դէպք Երկրորդ

Այս դէպքը պատահեցաւ 1948-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմի ընթացքին։ Հայոց վանքը կը գտնուէր արաբներու եւ հրեաներու «ռազմադաշտերու» կեդրոնը։ Վանքը յաճախ թիրախ կը հանդիսանար իրար կործանելու ուղղուած թնթանօթներուն, որոնք կը խլէին անմեղ զոհեր։

Պատահեցաւ օր մը որ այդ թնդանօթներէն մին ինկաւ մեր բնակած Շորայ թաղի բակին  մէջ եւ վիրաւորեց երկու տարեց կիներ։ Հինգ վայրկեան առաջ ես եւ փոքր քոյրս կը խաղայինք հոն։ Բարեբախտաբար այդ վայրկեանին հոն չէինք՝ որովհետեւ հետեւած էինք զոյգի մը, որ բակէն դուրս կու գար։

Ծնողքս չուզեց հրաշքով ազատած  իր զաւակները անգամ մը եւս վտանգի ենթարկել ու մեզ առնելով տարաւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, ուր կը բնակէին մօրս ծնողքը իրենց զաւակներով։ Հօրս նպատակը մի քանի ամիսէն վերադառնալ էր Երուսաղեմ, երբ կացութիւնը բարելաւուէր։

Դժբախտաբար սակայն մենք չկարողացանք վերադառնալ Երուսաղեմ ու մնացինք Հալէպ որպէս Պաղեստինցի գաղթական։ Ըստ որուն՝ մենք չէինք կրնար քուէարկել եւ ոչ ալ երկրէն դուրս ճամբորդել։ Սա էր որ իմ կեանքս հիմնովին փոխեց եւ ես այս դառն իրականութեան դէմ յանդիման գտնուեցայ՝ երբ հասակ նետեցի ու դարձայ պատանի։

Պատկերացուցէք որ Պէյրութ երթալու համար՝ ուսումս շարունակելու Հայկազեան Գոլեճին մէջ (1964-66), ես պէտք էր Լիբանան մուտքի արտօնագիր ապահովէի Պէյրութէն, նաեւ ուրիշ արտօնագիր մը՝ Հալէպէն, Սուրիայէն դուրս ելլելու համար . . .

1963-ին քոյրս ամուսնացաւ Սուրիահայ երիտասարդի մը հետ։ Մեղրալուսնի համար՝ քեռայրս ուզեց Պոլիս մեկնիլ, սակայն կառավարութիւնը արտօնութիւն չտուաւ։ Միայն արաբական երկիրներ երթալու արտօնութիւն ունէինք, որպէս Պաղեստինցի գաղթական։

Այսքան տառապանքը կարծես չէր բաւէր, առաւել՝ երբ 18 տարեկան դարձայ, զիս հրաւիրեցին պարտադիր զինուորական ծառայութեան։ Երբ առակեցի թէ ես Սուրիացի չեմ, պատասխանեցին որ Պաղեստինցի գաղթականը Սուրիացիի մը բոլոր իրաւունքները համահաւասար կերպով կը վայելէ! Առ քեզի՝ արդարութիւն։

Վերջապէս 1969 թուականին կրցայ Ամման երթալ եւ հրաշքով մը Յորդանանեան քաղաքացիութիւն ստանալ։ Ազատութեան առաջին պտուղը հանդիսացաւ Պէյրութ երթալ եւ ուսանիլ Ամերիկեան համալսարանին մէջ (1969-71)։ Այնուհետեւ՝ աշխարհը բացուեցաւ իմ առաջս եւ ես լիովին ըմբոշխնեցի մեր երկրագունդի չորս ծագերը ճամբորդելու բարեբախտութիւնը, բան մը որ միայն կրնայի երազել Սուրիա բնակութեանս ընթացքին։

Համբերութիւնը կեանք է, կ՛ըսէ հայկական ասացուածքը եւ այդպէս ալ եղաւ, գէթ՝ իմ պարագայիս։  

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img