Դոկտ. եւ տիկին Հրաչ եւ Շուշան Գումրուեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Էլիօնօր Գումրուեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Նորա Գէորգեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Սիլվա Գումրուեան եւ զաւակունք
Տիկին Հայկուհի Կանիմեան եւ զաւակունք
Տիկին Վրէժուհի Դանիէլեան եւ զաւակունք
եւ համայն Գումրուեան (Գույումճեան), Գէորգեան, Աւետիսեան, Մելքոնեան, Պաղտասարեան, Կանիմեան, Քնաճեան, Դանիէլեան, Գազանճեան, Գասպարեան, Ֆօսթըր, Փափազեան, Մակարեան եւ Ապունայեան ընտանիքներ եւ ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին՝
ՄԱՔՐՈՒՀԻ ԳՈՒՄՐՈՒԵԱՆ (ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ)-ի
մահը՝ որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Յունուար 22, 2021–ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, Յունուար 22, 2021–ին, կէսօրէ ետք ժամը 3։00–ին, Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ, ուր պիտի ամփոփուի հանգուցեալին մարմինը։
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։
Նկատի ունենալով Քորոնա Ժահրի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւնները, հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի հեռաձայնի եւ ընկերային ցանցի միջոցով։ Նորա Գէորգեան 03-604954:
***
Ցաւակցագիր
Այս տխուր առիթով, ԶԱՐԹՕՆՔ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն, ի մասնաւորի Ընկ. Դոկտ. եւ տիկին Հրաչ եւ Շուշան Գումրուեաններուն:
Ընկ.հի Մաքրուհի Գումրուեան (Գույումճեան)-Աւետիսեան, այրին էր ՌԱԿ երախտաւոր՝ ղեկավար ընկեր, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի նախկին խմբագիր, Լիբանանի ԹՄՄ-ի նախկին ատենապետ, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի վեթերան անդամ՝ Համբարձում Գումրուեանին: Ընկ. եւ ընկ.հի Գումրուեաններ միասնաբար սերնդագործած եւ դաստիարակած են 4 արժանաւոր զաւակներ: Այսօր ունին 10 թոռներ եւ 11 ծոռներ:
Լիարժէք կեանք մը ապրած մեր ընկերուհին, թող որ ննջէ խաղաղութեամբ:
Խունկ եւ աղօթք իր անթառամ յիշատակին: