Կիրակի, 15 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. Եղիշէ Թադեւոսեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Եղիշէ Թադեւոսեան (24 Սեպտեմբեր 1870, Վաղարշապատ, Ռուսական Կայսրութիւն — 22 Յունուար 1936, Թիֆլիս, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն), դարասկիզբի հայկական գեղանկարչութեան ամենալուսաւոր դէմքերէն մէկը։ Թադեւոսեան Ուսումի եւ գեղարուեստական հետազօտութիւններու համար յաճախ ճամբորդած է ու այցելած շատ երկիրներ։ Նկարիչ, մշակութային գործիչ։ Ան ծնած է, ապրած եւ գործած Անդրկովկաս։

1879–94 թուականներուն ուսանած է Թիֆլիսի Տէր-Յակոբեան Գիշերօթիկ վարժարանէն, Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն, գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանէն ներս։ 1894–95 թուականներուն դասաւանդած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, ապա վերադարձածէ Մոսկուա։ 1896-ին Թադեւոսեան մասնակցած է «Պերեդվիժնիկներ»ու 24-րդ ցուցահանդէսին, 1898-ին Մոսկուայի արուեստագէտներու ընկերութեան մրցոյթին անոր «Կէսօրեայ ճաշ» (1896 թ.) եւ «Քարոզ ուղղադաւաններին» (1896 թ.) կտաւներն մրցանակներու արժանացած են։ 1898-ին իր ուսուցչի՝ ռուս նկարիչ Վասիլի Պոլենովի հետ մեկնած է Պաղեստին, գրեթէ ամէն տարի ճամփորդած է Մերձաւոր Արեւելքի ու Եւրոպայի տարբեր երկրներ (մինչեւ 1914 թ.), Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մէջ, ստեղծած է շարք մը գործեր։

Իր մասին, գեղարուեստի մասնագէտ մեկնաբան Շահէն Խաչատրեան կը գրէ «Ե․ Թադեւոսեանի ստեղծագործութիւնը տպաւորապաշտ մեթոտի կիրառման առաջընթաց քայլ է ազգային գեղանկարչութեան մէջ։ Իր գործերը դիտողին գրաւում են արեւի ջերմութեան,օդային միջավայրի եւ բնութեան տրամադրութիւններու նուրբ զգացումով, լուսաստուերներու թրթռուն խաղերով եւ կատարման տպաւորիչ վարպետութեամբ, անոնք յագեցած են խոր քնարականութեամբ»։

Եղիշէ Թադէոսեանի կեանքին մէջ 1901 թուականին տեղի ունեցած է կարեւոր փոփոխութիւն. ան Մոսկուայի մէջ ծանօթացած եւ ամուսնացած է զուիցերիացի կնոջ մը՝ Ժիւստին Նէֆի հետ: Այդ կինը, ըստ ժամանակակիցներուն, հրեշտակի դեր կատարած է արուեստագէտին կեանքին մէջ, դարձած է անոր անբաժան ու անփոխարինելի ընկերը՝ ողջ կեանքին ընթացքին, ամէն ինչով նպաստած տաղանդաւոր ամուսինին յառաջընթացին: Ամուսնութենէն ետք Ժիւստին այլեւս հայրենիք չէ վերադարձած, ամուսինին հետ մեկնած է Թիֆլիս եւ հոն ապրած՝ մինչեւ կեանքին վերջը:

Արուեստագէտը մահացած է 1936 թուականին, Թիֆլիս. յուղարկաւորուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան մեծերուն շիրմատունը:

Թադեւոսեանի մահէն ետք կինը ամուսինին ողջ ժառանգութիւնը նուիրաբերած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, ատոնց մէջ նաեւ իրեն՝ Ժիւստինին դիմանկարները, զորս նկարած է Թադեւոսեան: Եղիշէ Թադեւոսեանի «Ընթերցող կինը» կտաւին մէջ պատկերուած է իր կինը, որ նկարիչը նկարած է Բիւրականի մէջ՝ 1903 թուականին: Եղիշէ Թադեւոսեանի դասական արուեստի նմոյշներ նկատուող գործերուն կողքին փառաւոր տեղ ունի այս նկարը՝ նկարիչին լաւագոյն կտաւներէն մէկը, որուն մէջ կ՚երեւի կնոջ հանդէպ տածած անոր ողջ սէրն ու ջերմութիւնը:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img