ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
25 Յունուար 2021 , 11:35
Հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութիւնը ընդհանրապէս ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը եւ ոչ-հայ բազմաթիւ բարեկամներ, սրտի դառն կսկիծով ու արցունքոտ աչքերով իմացան սիրելի եւ թանկագին ազգային ամբողջանուէր գործիչ՝ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի, այս երկրաւոր կեանքէն մեկնելու սրտաճմլիկ լուրը։
Դիմատետրը եւ «Թուիթըր»ը ողողուած են Կարպիս Տէր Եղիայեանի մահուան տխուր լուրին առիթով գրուած ցաւակցական եւ սրտի խօսքերով։
Հանգուցեալը իր ողջ կեանքը իմաստաւորած էր Աստուծոյ, հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին ծառայութեամբ եւ այս աշխարհէն հեռացաւ Ս. Գիրքին մէջ ըսուածին պէս. «Բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքը պահեցի»։
Հանգուցեալ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան եղած է հայ կրթական կեանքի բազմաբեղուն գործիչ մը։ Արժանացած է երկու դոկտորական կոչումներու եւ երեք պատուոյ դոկտորական պատիւներու։ Իր ողջ կեանքը եղած է սերնդակերտ, մարդակերտ անձնաւորութիւն մը։ Անոր շունչով եւ դաստիարակութեամբ բազմահազար հայ եւ ոչ-հայ ուսանողներուն սիրտին եւ հոգիին մէջ, ուսման հետ, մարդասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան սերմերը ցանած է։
Աստուծոյ «բանին» փայլուն քարոզիչն էր խօսքով եւ գործով։ Ան ամէն Շաբաթ օր, ժամը 5էն 6 հոգեւոր յայտագիր մը ունէր ICFN կայանէն, բազմահազար հեռուստադիտողներ կը հետեւէին այդ յայտագիրին։ Rotary International մարդասիրական, բարեսիրական եւ խաղաղութեան միջազգային կազմակերպութեան բարձրաստիճան ղեկավարներէն մին էր. անոր միջոցաւ առաւել քան 60 երկիրներ մեկնելով՝ հրապարակախօսութիւններ տուած է, արժանանալով ունկնդիրներու ջերմ գնահատանքին։
Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան համար բազմապիսի ծրագիրներով եւ իրագործումներով օգտակար հանդիսացած էր։ Իսկ իր կեանքի մեծագոյն իրագործումը եղաւ Լոս Անճելըսի մէջ նախ Ամերիկահայ Միջազգային քոլէճի ղեկավարութիւնը, ապա իր անձնական նախաձեռնութեամբ՝ շուրջ 28 տարիներ առաջ՝ հիմնադրութիւնը Միացեալ Նահանգներու միակ հայկական քոլէճը՝ «Մաշտոց» քոլէճը, որ այդ տարիներուն ընթացքին քանի մը հազար շրջանաւարտ տուած է, շրջանաւարտներ՝ որոնք իրենց ազգային ոգիով եւ ամբարած գիտելիքներով օրհնութիւն մը եղան մեր ժողովուրդին համար։
Հանգուցեալը հոգեւոր պատգամներու, կրթական-հասարակական նիւթեր պարունակող գիրքեր եւ բազմաթիւ յօդուածներ ունի հայ եւ օտար մամուլներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Պատմական Հայաստանի ուխտագնացութիւններ կազմակերպած է եւ գրած եւ հրատարակած է քանի մը հատորներ հայերէնով եւ անգլերէնով ։
Արտակարգօրէն աշխատասէր եւ զբաղած անձ մըն էր հանգուցեալ Կարպիսը։ Ան առաւօտեան ժամը 6էն երեկոյեան ուշ ժամերը գործի վրայ էր։ Ինքնաշարժի կամ իր գրասենեակին մէջ անընդհատ կ՛աշխատէր։
«Մաշտոց» քոլէճէն բացի, տասնեակ մը կազմակերպութիւններ եւ նահանգային ու գաւառային մարմիններու անդամ էր, ինչպէս նաեւ քանի մը համալսարաններու մէջ դասախօս էր։
Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին քաղաքական, հոգեւոր եւ կրթական շատ լայն ու մեծ շրջանակ ունէր, այսուհանդերձ ուր ալ ըլլար, որ քաղաքը կամ նահանգը գտնուէր՝ իրեն եղած հեռաձայնները անպատասխան չէր թողուր, մեծագոյն գիտակցութեամբ եւ ջերմութեամբ կը պատասխանէր զինք փնտռողներուն եւ անոնց, ի պահանջեալ հարկին, օգնութեան ձեռք երկարելով կամ խորհուրդներ տալով։
Շուրջ 35-40 տարիներէ իվեր ծանօթ եղած ենք այս գլխագիր անձնաւորութեան, վայելած ենք անոր թանկագին բարեկամութիւնը. որքան մօտէն ճանչցանք, այնքան աւելի մեծցաւ մեր սէրը եւ համարումը անոր հանդէպ։
Արդարեւ, այս լայնածաւալ վաստակ չէ, որ երկու շաբաթէ իվեր մեր սիրտը կը մղկտէ եւ կը լացնէ մեզ, այլ այս վաստակին ու վարքին կողքին, հանգուցեալին մէջ միշտ տեսած էինք Աստուածասէր մարդը, հանդիպումներու կամ խօսքերու ատեն քրիստոնէութիւնը կը բուրէր, միշտ ալ անկէ «բարին խորհող, բարին խօսող եւ բարին գործող» մարդ եղան է ան։
Այսօր իր յաւիտենական մեկնումին առիթով, իր ազնուափայլ տիկնոջ՝ Անժելային, զաւակներուն, թոռնիկներուն, եղբայրներուն, քրոջ, հարազատներուն եւ բազմաթիւ ծանօթներու նման, մենք ալ որբացած կը զգանք հանգուցեալ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի բացակայութեամբ: Հանգուցեալը լուսաշող աստղի նման սաներու, բարեկամներու, արուեստագէտներու եւ հայերու կեանքը լուսաւորեց, պտղատու ծառի նման իր մեղրահամ պտուղները տուաւ բոլորին անխտիր հաւասարապէս եւ այդպէս է որ արժանացաւ մեր ժողովուրդի սիրոյն եւ յարգանքին։
Մեր աղօթքն է, որ Աստուած երկինքի լուսաւոր օթեւաններուն արժանացնէ հանգուցեալ Կարպիսին հոգին։
Վստահ ենք որ անոր վաստակը եւ յիշատակը երկարօրէն պիտի ապրի զինք ճանչցողներու միտքին եւ սիրտին մէջ։
«Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշ հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի
Ահ, այն ատեն ես կը մեռնիմ»։
Լա Քրեսենթա, Լոս Անճելըս