Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին տնօրէն, յատուկ յանձնարարութիւններով նախկին դեսպան՝ Դաւիթ Շահնազարեանի «168 ժամ»-ի եթերի ընթացքին զգայացունց յայտարարութիւն ըրած: Ան հրապարակած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու իրական թիւը եւ լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանին գտնուելու վայրը:
Մեր կարգին կոչ կ՛ուղղենք Լիբանանի Արտագին Գործոց նախարարութեան եւ ՀՀ մէջ Լիբանանի դեսպանութեան աւելի եւս լրջութեամբ եւ մօտէն հետապնդել առեւանգուած հայորդիներուն՝ Մարալին եւ Վիգէնին պարագան, հիմնուելով նշեալ տեղեկութեան վրայ:
Խմբ.
«Այսօր Ազրպէյճանում կայ 235 ռազմագերի: Նրանց մէջ կան նաեւ քաղաքացիական անձինք, կան նաեւ կանայք: Աւելին ասեմ, ըստ Ատրպէյճանի՝ կայ 171 ռազմագերի եւ 64 «ահաբեկիչ», ինչպէս իրենք են ասում: Այս թուերը չափազանց կարեւոր են, եւ դրանք թաքցնելու փոխարէն՝ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է բարձրաձայնէին բոլոր միջազգային ատեաններով, Կարմիր խաչով: Կրկնում եմ, յանցագործութիւն է, քանի դեռ մէկ հայազգի կայ Ատրպէյճանի բանտերում, ինչ-որ բանակցութիւնների գնալ»,- ըսած էր Շահնազարեան:
Խօսելով լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանի գերեվարութեան մասին՝ ան նշած էր, քանի որ Ատրպէյճան պաշտօնապէս ընդունած է վերջինիս գերի ըլլալու փաստը, ուստի բացառութիւն ըրած է. ուրիշ որեւէ գերիի մասին այս պահուն դեռ ոչինչ հրապարակած է:
«Իրենց ընտանիքի բարեկամ Վիգէն Իւլճեքեանի հետ էին նրանք առեւանգուել 10 նոյեմբերին: Պաքուից մօտ 70 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուում է Կուպիստանի բանտը: Շատ մեծ բանտ է՝ մի քանի մասնաճիւղերով: Մարալ Նաճարեանը գտնուում է Կուպիստանի բանտի 3-րդ մասնաշէնքի, 2-րդ յարկի 213 խցում: Այս թիւերը, որ ասացի, ( (Հայաստանի) իշխանութիւնները չունեն, թող օգտագործեն»,- ըսած է Դաւիթ Շահնազարեան:
Այս յայտարարութիւնը լուրջ աղմուկ բարձրացուցած է Ատրպէյճանի մէջ: Ըստ «168 ժամ»-ի աղբիւրին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երկրի Պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար՝ Ալի Նակիեւէն պահանջած է լուրջ քննութիւն սկսիլ եւ պարզել արտահոսքի աղբիւրն ու զեկուցել իրեն:
«Որքան ուզում է, թող Նակիեւը փնտռի, նա չի կարող գտնել Ատրպէյճանում իմ աղբիւրները»,- ծիծաղելով ըսած է Դաւիթ Շահնազարեան՝ ի պատասխան տեղեկութիւնը մեկնաբանելու խնդրանքին: