ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Այսօր (24 Յունուար) ծնողքիս ամուսնութեան տարեդարձն է… Առաջին անգամ ըլլալով վերը միասին պիտի նշեն… Դժբախտաբար հայրս կանուխ մեկնեցաւ։ Այդպիսի մեծ սէր մը պէտք էր երկա՜ր վայելէին… Չնայած մեծ սէրերուն մեծ ժամանակներ պէտք չեն… Անոնք նման են այն կախարդական վարդին, որ վայրկեանի մէջ կը ծաղկի եւ ալ չի թառամիր։ Յամենայնդէպս մեր տան սովորութիւնն էր մի՛շտ տաքուկ մթնոլորտի մէջ նշել տարեդարձները ծննդեան թէ ամուսնութեան, անոնք ընտանեկան հաւաքոյթներու մեր ամենաուրախ պահերը եղած են, որովհետեւ մեր փոքր տարիքէն մեզի սորվեցուցած էին իմաստ դնել անոնց մէջ… Որովհետեւ Աստուած ուզած է այդ միացումը, Աստուած օրհնած է մեր ծնունդը… Հիմա չկան, բայց բացակայ չեն, եւ ես չեմ կրնար չյիշել եւ նոյնիսկ առանձին չնշել։ Մենք ունէինք մեր երգերը, բանաստեղծութիւնները, կատակները, արդէն այդ օրերուն հարազատ դարձած խօսքերը, որոնցմէ մէկը ես ամէն տարի պիտի յիշէի գիտնալէս ետք թէ Պարոյր Սեւակ ծնած է Յունուար 24ին։ Ես պէտք էր ըսէի, որ Պարոյր Սեւակը չէ գիտցած թէ «ձեր սէրը ունի բոլոր եղանակները»…

Այդ օրը տարիներու տարբերութեամբ ամուսնացած էին Սիրվարդ հօրաքոյրս եւ ամմօ Ռուբէնը, որոնց հետ միշտ դրացի ապրեցանք, մէկ ընտանիք էինք։ Մեծ մօրս առաջին թոռնիկը՝ Էդօն (Սիրարփի հօրաքրոջս տղան) դարձեալ տարիներու տարբերութեամբ՝ այդ օրը ծնած էր։ Աւելի ճիշտը Էդօն ծնած էր վերոյիշեալ երկու ամուսնութիւններէն առաջ եւ Յունուար 24ը դարձուցած տօն մեր գերդաստանին համար՝ առաջին թոռնիկը։
Պիտի տեղադրեմ «Այդ Սերմը Ես Էի» գիրքէս այն բաժինը, ուր կը պատմեմ իրենց մեծ սիրոյն, պատերազմներու պատճառով փակուած սահմաններու պատճառած բաժանումներուն եւ վերջապէս Տիրոջ կամքով միացման մասին։
«—Մամիկ, պապայիս մասին պիտի պատմէիր…
—1948-ին, երբ անգամ մը եւս գաղթական ելանք այս անգամ Եաֆայէն, ընտանիքը երկուքի բաժնուեցաւ, Սուքիասը, Սիրարփին իրենց ընտանիքներով եւ ես գացինք Յորդանան, իսկ հայրդ, Սիրվարդը իր զաւակներով՝ Կազա, որովհետեւ ինչպէս ըսի, Զուարթը եւ Գեղամը արդէն Կազա հաստատուած էին, հոն կեանք կար, աշխատանք կար…
—Մամիկ, այս բոլորը ըսեր ես արդէն…
—Ա՜խ, քանի պատերազմ տեսայ, քանի անգամ գաղթական ելայ, ահա պիտի ձգեմ աշխարհը, դեռ չհասկըցայ ո՛վ ի՞նչ շահեցաւ պատերազմէն… Ընտանիքը դարձ-եալ մասերու բաժնուեցաւ։ Նոր սահմաններ գծուեցան, Կազայէն Յորդանան ոչ մէկ ճամբայ կար։ Մեզի նման գաղթական ելան նաեւ շատ հայեր, անոնց մէջ էին Արշակ Աղբարենք։ Արշակ Աղբարենց հետ մենք շատ մտերիմ էինք Եաֆայի մէջ եւ մեր բարեկամութիւնն ու դրացիութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ Յորդանանի մէջ։ Արշակ Աղբարը երկու աղջիկ մէկ տղայ ունէր։ Վարուժը մեծն էր, յետոյ Արփինէն եւ փոքրը՝ Արաքսին։ Հայրդ Արփինէին ուսուցիչը եղաւ Եաֆայի մէջ, օր մը դպրոցական հանդէսի մը ժամանակ, հայրդ ջութակ կը նուագէ, Արփինէն կ՚երգէ «Սիրտս կը թռի…», այն ատեն Արփինէն հազիւ14 տարեկան էր, հայրդ՝ 23, բայց ինչ երիտասարդ։ Սէրը կ՚արթննայ երկուքին մէջ, սակայն դեռ կանուխ էր, Արփինէն պէտք է մեծնար, բայց չէ՞ որ մեծ սէրերը դիւրին չեն գար, պէտք է դժուար եւ երկար ճամբաներէ անցնէին։ Եւ ահա 1948-ի պատերազմը ծագեցաւ։ Կեանքը տարբեր երկիրներ նետեց իւրաքանչիւրին, բայց չկրցաւ սրտերը բաժնել իրարմէ…։ Ճիշդ հակառակը, երկուքն ալ իրենց սրտերուն մէջ իրարու տարին։ Մայրդ այնքան գեղեցիկ էր, այն ատեն մազ, աչք ներկել չկար, բնականէն կանաչ աչքեր եւ դեղին մազեր ունէր։ Ամէն անգամ, որ թեկնածու մը կը յայտնուէր, մենք իրար անցած, կը վազէինք Արշակ Աղբարին տունը, որ համբերէցէք, Հրանդը պիտի գայ։ Բայց Հրանդը ինչպէս գար, ոչ մէկ ճամբայ կը գտնէր գալու։

—Մամիկ, գոնէ ձեւով մը կապ ունէ՞ին միասին, նամակ կը գրէ՞ին իրարու, կ՚ըսէ՞ին, որ կը սիրեն եւ պիտի սպասեն…
—Ամենէն մեծ կապը ունէին՝ ՍԷՐը, թէ ոչ ինչու երկուքն ալ չէին ամուսնանար…։ Ժամանակը կ՚անցնէր, մայրըդ մօտեցաւ երեսունին, իսկ հայրդ՝ քառասունին։ Օր մըն ալ հօրմէդ հեռագիր մը եկաւ, երկա՜ր հեռագիր, թէ. «Տարի-ները կ՚անցնին եւ անորոշութիւնը կը շարունակուի, ես ալ, Արփինէն ալ մեծցանք, որքան կրնանք այսպէս անորոշ դեռ սպասել իրարու, եթէ լաւ բախտ մը գայ, արգելք մի՛ ըլլաք, թող ամուսնանայ։Դժուարութեամբ կը գրեմ, բայց պէտք է ամուսնանայ։ Ես ամերկուհիի մը հանդիպած եմ, արդէն կը մտածեմ ամուսնանալ, որովհետեւ այս սպասումը ոչ մէկ տեղ պիտի հասցնէ մեզի»։ Հարուստ ամերկուհի մը նաւերով եկեր է եղեր Ամերիկայէն, կ՚ուզէ գործ ընել Կազայի մէջ։ Այդ օրերուն հայրդ իր լուսանկարներու ցուցահանդէսը բացած էր, հոն կը հանդիպի հօրդ եւ կը սիրահարուի։ Հայրդ, չեմ կարծեր սիրահարուած էր, թերեւս հաւնած էր, որովհետեւ կը սիրէր խելացի, գործունեայ կիները, տեսնելով, որ այս քաղաքական վիճակը վերջ չունի, կամայ թէ ակամայ ինչ գիտնամ, բայց կը մտածէ ամուսնանալ եւ վերջ տալ այս անորոշ վիճակին։

—Այս ամերիկացիները Մամիկ, մի՛շտ կը խանգարեն, ուրկէ՞ եկեր մտեր է հօրս կեանքին մէջ։
—Ընտանիքը հաւաքուեցաւ։ Սուգի մատնուած էինք… Պատուիրեցի բոլորին այս հեռագիրին մասին ո՛չ մէկ բառ ըսել Արշակ Աղբարենց։ Տասնըերկու տարի էր, որ գաղթական ելած էինք, այսօր վաղը կ՚ըսէինք, կը սպասէինք, աւելի ճիշդը վստահ էինք, որ հայրդ ձեւը պիտի գտնէր եւ գար։ Յետոյ միայն հայրդ չէր, որ սիրահարուած էր Արփինէին, մեր ամբողջ ընտանիքը։ Մայրդ ոչ միայն գեղեցկուհի մըն էր, այլ հրեշտակ մը, ամբողջ բարութիւն… Ուսուցչուհի էր, չկար մէկը, որ զինք չսիրէր։ Ամէն օր դպրոցէն վերադարձին նախ մեզի կ՚այցելէր, յետոյ իրենց տուն կ՚երթար։ Գիշերը չքնացայ, երկա՜ր մտածեցի, եկայ այն եզրակացութեան, որ ինծի՝ ՀԱՅ ՄՕՐ կ՚իյնար այս խնդիրին լուծումը։ Առտուն կանուխ՝ Սիրարփի հօրաքրոջդ հետ գացի նամակատուն եւ իր երկար հեռագիրին միայն երեք նախադասութիւն պատասխան ղրկեցի. «Տղա՛ս, Հայաստանի ԶԻՆՈՒՈՐ չեղար, Հայրենիքի համար ԱՐԻՒՆ չթափեցիր, ՍԵՐՄդ օտարի՞ն պիտի տաս»…»։
1960ի Յունուարի սկիզբը վերջապէս հայրս ՄԱԿի օդանաւով կը յաջողի հասնիլ Կազայէն՝ Յորդանան։ Մայրս ուսուցչուհի էր։ Յունուար ամսուն հարսանի՞ք, այդ օրերուն երբ թարմ ծաղիկ անգամ դժուար էր գտնել։ Եւ հարսանեկան ամբողջ կարգադրութիւնները մէկ ամսուան մէ՞ջ… Այո՛, ՍԷՐԸ ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ Է…
Մայրս հարսանեկան հագուստով եւ ՄԱԿի օդանաւով կը ժամանէ Կազայի օդակայանը, ուր ամբողջ Կազան կը սպասէր իրենց։ Բարեկամներ խանութները գոցած՝ գացած էին օդակայան. «Վերջապէս ո՞վ է Հրանդին բերած հարսը, որուն այսքան սպասեց»։ Հայրս ճանչցուած մարդ էր եւ օդակայանէն կը սկսի հիւրասիրութիւնը… Սիրվարդ եւ Զուարթ հօրաքոյրներս, որոնք բնականաբար չէին կրցած պսակադրութեան ներկայ ըլլալ՝ հարսանիքը կը շարունակեն օդակայանէն մինչեւ տուն եւ մինչեւ առտու՝ եօթը ցերեկ, եօթը գիշեր…
Լոյսերու մէջ մնայ մեծ մայրս. «Սերմդ օտարի՞ն պիտի տաս» հեռագրեր էր հօրս…
Այդ գեղեցիկ սիրոյ պտուղները եղանք եղբայրս ու ես… Մեզի անուանեցին Սարօ եւ Անուշ…
Սէրը յաղթեց սահմանները… Սէրը յաղթեց մեր շատ գեղեցիկ բայց ողբերգական աւարտ ունեցող սիրոյ պատմութիւնները…
Չկայ աւելի գեղեցիկ բան քան ՍԷՐը…
Անհատնում սիրեցէք… Սէրը անմահութիւն է…։