ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Իր իշխանութեան քառամեայ շրջանին, Թրամփ յեղաշրջեց տասնամեակներ ամբողջ կիրարկուող ամերիկեան քաղաքական վարքագիծը՝ Իսրայէլի նկատմամբ:
Գրաւեալ Կոլանի բարձունքին վրայ կը հանդիպինք «Թրամփ բարձրավանդակին»: Իսրայէլի զանազան քաղաքներուն մէջ Թրամփի անունով հրապարակներ մկրտուած են: Նոյնիսկ մայրաքաղաք Թէլ Աւիւի շոգեկառքի կայաններէն մէկը Ամերիկայի նախկին նախագահին անունը կը կրէ: Վերոյիշեալ անուանակոչութիւնները կ’արտացոլացնեն Իսրայէլի ժողովուրդին ունեցած հիացմունքը Թրամփին նկատմամբ: Մինչ պաղեստինցիներ Կազայի եւ Արեւմտեան Ափին՝ նողկանքով կ’արտայայտուին իր մոլեգին զօրակցութեան մասին՝ Իսրայէլի կողքին:
Քաղաքական վերլուծողներ այն ակնկալութիւնը ունին թէ նախագահ Պայտըն պիտի ուզէ Թրամփի առած ծայրայեղ քայլերը չէզոքացնել, վստահութիւն վերահաստատելու պաղեստինցիներու մօտ:
Նորանշակ ԱՄՆի Պետական Պաշտօնատան քարտուղարը՝ Անթոնի Պլինքըն Ծերակոյտի հետ իր հանդիպման ընթացքին նշեց թէ Իրանին հակազդելը Ամերիկայի Միջին Արեւելեան քաղաքականութեան հիմնաքարը պիտի հանդիսանայ: Ան շեշտեց թէ պաղեստինցիներուն հետ խզուած յարաբերութիւնները Թրամփի կողմէ, առաջին օրէն՝ պիտի վերահաստատուին: Աւելին ան հաւաստիացուց ծերակուտականներուն թէ պաղեստինցիներուն ընձեռնուած խիստ կենսական օժանդակութիւնը՝ ընդհատուած Թրամփի կողմէ, պիտի շարունակուի եւ յատկանշականօրէն Ամերիկան պիտի մերժէ Իսրայէլի միակողմանի կառուցումները գրաւեալ հողամասերու վրայ: Սակայն ան հաւաստիացուց թէ Ամերիկեան դեսպանատունը պիտի շարունակէ մնալ Երուսաղէմի մէջ:
ԱՄՆի նշանակեալ Պետական Քարտուղարը մեծ մասամբ Իսրայէլը պաշտպանող ամերիկացի ծերակուտականներուն վստահեցուց թէ Ամերիկան պիտի ճանչնայ Իսրայէլի Գերիշխանութիւնը Կոլանի վրայ եւ զօրավիգ պիտի կանգնի Իսրայէլի եւ արաբական չորս երկիրներու միջեւ վերջերս հաստատուած կապերուն: Ինչպէս ծանօթ է, ոչ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը եւ որեւէ երկիր չի ճանչնար Իսրայէլի Գերիշխանութիւնը Կոլանի վրայ, գրաւուած Իսրայէլի կողմէ 1967-ի պատերազմին: ԱՄՆ Պետական Քարտուղարը զգոյշ քայլերով պիտի ջանայ մօտենալ կնճռոտ այս հարցերուն: Ան կրնայ խորհրդանշական կարգ մը միջոցառումներ որդեգրել, հաւասարակշռուած եւ արդարամիտ ըլլալու տպաւորութիւնը ստեղծելու համար: Որեւէ պարագաներու տակ, Պայտընի Միջին Արեւելեան Քաղաքականութիւնը բոլորովին տարբեր պիտի ըլլայ Թրամփի ծայրայեղ եւ նախապաշարեալ վարքագիծէն: Սակայն որքա՞ն մօտ պիտի ըլլայ Օպամայի քաղաքականութեան:
Թրամփ իր Միջին Արեւելքի քաղաքականութիւնը մօտէն ներդաշնակցած էր իրեն նման ծայրայեղական Նաթանեահուի հետ, զայն ներկայացնելով իբրեւ տարաշրջանին մէջ Ամերիկայի ամենավստահելի դաշնակիցը:
Պաշտօնապէս ճանչնալով Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաքը, ընդունելով Իսրայէլի գերիշխանութիւնը Կոլանի վրայ, Թրամփ իշխանութեան իր վերջին երկու տարիներուն ոչ միայն ոչ մէկ առարկութիւն ըրաւ Իսրայէլի կառուցումներուն պաղեստինեան գրաւեալ հողամասերուն վրայ՝ այլ լռելեան քաջալերեց: Սպիտակ Տան ոչ մէկ բնակիչ նման միակողմանի եւ ամերիկեան շահերուն խոտոր համեմատող քայլեր որդեգրած է անցեալ տասնամեակներուն:
Իսրայէլեան ներդրումները պաղեստինեան գրաւեալ հողամասերուն վրայ 2017էն 2019-ի շրջանին կրկնապատկուեցան, համեմատած Օպամայի նախագահութեան վերջին չորս տարիներուն: Պայտընի նախագահական աթոռը բարձրանալէն միայն մէկ օր առաջ վարչապետ Նաթանեահու 2,500 նոր բնակարաններու շինութեան արտօնագիր մը ստորագրեց, որոնք պիտի կառուցուին գրաւուած հողերու վրայ: Երբ մէկ կողմէ Իսրայէլը սիրաշահելու մոլուցքէն տարուած Թրամփ փակեց Ուաշինկթընի մէջ Պաղեստինի Ազատագրական Կազմակերպութեան գրասենեակը եւ յօգուտ պաղեստինցի գաղթականներուն ՄԱԿ-ի տրամադրութեան տակ դրուած 350 միլիոն տոլարի յատկացումը դադրեցուց, միւս կողմէ նախկին նախագահը աննախընթաց ախորժակով Իսրայէլի յատկացուած դրամական օժանդակութիւնը բարձրացուց ամերիկեան քոնկրէսին համամտութեամբ:
Ծերակուտականներուն առջեւ ելոյթ ունենալով նշանակեալ Պետական Քարտուղարը վերարծարծեց «Երկու Պետութիւն»ներու սկզբունքը՝ բոլորովին անտեսուած եւ յատկապէս ականահարուած Թրամփի շրջանին: Մեծապէս յատկանշական է անոր հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Միակ ուղին ապահովելու Իսրայէլի ապագան իբրեւ Հրեայ եւ Դեմոկրատիկ պետութիւն եւ պաղեստինցիներուն տալու պետութիւն մը՝ որուն արժանի են, «Երկու Պետութիւն» սկզբունքին կիրարկման մէջ կը կայանայ»: Թերահաւատ շեշտով մը սակայն ան աւելցուց թէ ներկայ կացութեան լոյսին տակ այս սկզբունքը իրագործելի չէ մօտիկ ապագային:
Հակառակ Ամերիկայի հանրային կարծիքի մօտ Թրամփի համբաւին անփառունակ անկումին, մասնաւորաբար Քոնկրէսի վրայ խուժանական յարձակումէն ետք, Իսրայէլի մէջ ան կը վայելէ, շարք մը լրագրողներու գնահատումով, վարչապետէն աւելի համակրութիւն: Քանի մը շաբաթներ առաջ քսան տուներ կառուցուեցան Կոլանի մէջ եւ կոչուեցաւ «Թրամփի աւան»: Իսրայէլի դահլիճին պատկանող նախարար մը քանի օրեր առաջ իր հիացմունքը արտայայտելով Թրամփին, յայտարարեց թէ Երուսաղէմի Արեւմտեան Պատի կից բազմազբաղ շոգեկառքի կայարանը Թրամփ պիտի կոչուի, ինչպէս նաեւ Թեթա Թիքվահի քառուղին:
Թրամփով հիացողներուն թիւը տպաւորիչ է յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Արաբ Էմիրութեան եւ Պահրէյնի մէջ: Յիշենք թէ Թրամփի առաջին պաշտօնական այցելութիւնը արտասահման՝ Սէուտական Արաբիան էր: Մինչ Օպաման իր պաշտօնական առաջին այցը կատարեց Եգիպտոս, ուր օրուան նախագահ Մուպարաքի հետ տեսակցելէ առաջ, ան ելոյթ ունեցաւ եգիպտացի համալսարանականներու առջեւ: Երբ Օպաման մարդկային իրաւունքներու պահպանման ջատագովը հանդիսացած էր, Թրամփ իր անհատական կապերը կը սերտացնէր միապետներու հետ, որոնց կարգին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Էրտողանն ու Փութինը: Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխանը, թուրք եւ ռուս նախագահներուն կողքին, իրեն համար հմայք ունեցող քաղաքական դէմքեր մնացին, հակառակ իրենց երկիրներուն մէջ գործադրուող միապետական վարչաձեւին:
Նախագահ Պայտըն պիտի յաջողի՞ ետ մղել Թրամփի անխորհուրդ վնաս հասցուցած արարքները: Ահաւասիկ այս է կարեւոր հարցադրումը այսօր: