Հինգշաբթի, 1 Հունիսի, 2023
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. Զատիկ Խանզատեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Զատիկ Խանզատեան (3 Ապրիլ 1886, Մանիսա — 25 Յունուար 1980, Փարիզ), ֆրանսահայ քարտէսագէտ:

Նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք կ’անցնի Զմիւռնիա, ուր իր ուսումը կը շարունակէ տեղւոյն Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ։ 1903-ին կը մեկնի Ֆրանսա, ուր, նախ կ’ընդունի Պրեսթի ծովային վարժարանը, եւ ապա կ’անցնի Փարիզ, ուր իր մասնագիտութեան գծով կը հետեւի նաւագնացութեան բարձրագոյն եւ Ֆրանսայի ռազմածովային ուժերու գլխաւոր անձնակազմի կրթական հաստատութիւններու դասընթացքներուն, ու կը վկայուի իբրեւ ճարտարագէտ ջրագիտութեան, միաժամանակ ստանալով հրամանատարի կոչում: 1911-ին, թրքական կառավարութեան կողմէ կը հրաւիրուի Կ. Պոլիս, եւ պաշտօնի կը կոչուի Թուրքիոյ ռազմածովային ուժերու վարչութեան մէջ։ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի սկիզբին, պուլկար բարձրաստիճան սպաներու օգնութեամբ կ’ապաստանի Պուլկարիա: Զինադադարին կ’անցնի Սալոնիկ, ապա՝ Փարիզ, ուր 1919-ին կը մասնակցի հաշտութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Փարիզի մէջ, իր նախկին ուսուցիչներուն աջակցութեամբ ան լայն ասպարէզ կը գտնէ Ֆրանսայի ծովային նախարարութեան մէջ, աշխատելով որպէս քարտէսագէտ: Ազգերու լիկային մէջ կը վարէ աշխարհագրագէտ-քարտէսագէտի պաշտօնը: 1920-1930 թուականներուն, իր պատրաստութեամբ կը հրատարակուին թուրքիոյ տնտեսական աշխարհագրութեան, Ալճերիոյ պատմական աշխարհագրութեան, Պաղեստինի տնտեսական աշխարհագրութեան եւ այլ ատլասներ: Համաշխարհային Բ. Պատերազմին տարիներու կը մասնակցի Ֆրանսայի դիմադրական շարժումներուն:

Հակառակ ասպարէզին պահանջած բազմազբաղ ժամանակացոյցին, Զատիկ Խանզատեան մինչեւ իր յառաջացեալ տարիքը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Ֆրանսահայ ազգային եւ հասարակական կեանքին: Իր հիմնադրութենէն (1928) մինչեւ 1952, ան կը վարէ նաեւ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան Վարժարանի քաղաքային տեսուչի պաշտօնը:

Զատիկ Խանզատեան գլխաւոր նպաստը հայագիտութեան կը հանդիսանայ Պատմական Հայաստանի քարտէսագրութեան մէջ ունեցած իր վաստակը:1920-ին կը հրատարակէ 25 քարտէսներէ բաղկացած ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԱՏԼԱՍը, իսկ 1960-ին՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՐՏԷՍԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՏԼԱՍԸ:

1967-ին ան կ’ընտրուի հայկական ՍՍ Հանրապետութեան գիտութիւններու Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ:

Զատիկ Խանզատեան կը մահանայ 25 Յունուար 1980-ին:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img