Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Տեսանկիւն. Դաւաճանը Պոչով-Կոտոշով Չըլլար

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Մինչ Հայ ժողովուրդը Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ կը փորձէ իր վէրքերն ու ցաւը ամոքել ու կ՛ապրի արժանապատուութեան ճգնաժամ ի տես Արցախեան Պատերազմի ցաւալի արդիւնքին ու այն ամօթալի անձնատուութեան դաշինքին, որ ստորագրուեցաւ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, ՀՀ այսօրուայ՝ այսպէս կոչուած ղեկավարութիւնը, կը շարունակէ ժողովուրդը ապուշի տեղ դնել իր փոփուլիստական արժանիքներով:

Արդարեւ Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կամակատարները, նաեւ՝  տակաւին շեփորահարողները ինքնարդարարցման,  պատասխանատուութենէ զերծ մնալու կամ իրենց երերացող աթոռներն ու վտանգուած պաշտօնները  պահելու համար,  ամէն չնաշխարհիկ միջոցի եւ ճարտասանութեան կը դիմեն:  Եւ մինչ ՀՀ վարչապետը քատրային փոփոխութիւններ կ՛ընէ վերոյիշեալ «հոյլին» վրայ կու գայ աւելնալու պատեհապաշտներու խումբ մըն ալ, որոնք առանց ամչնալու թութակի պէս կը կրկնեն վարչապետին, արդէն իսկ դդումի համ տուող նաեւ չափազանց վտանգաւոր խօսքերը…  յաճախ ալ իրենց կողմէն աւելցնելով աւելին:

Առանց խորունկ մեկնաբանութեան, այստեղ պիտի թուեմ Նոյեմբեր 10-էն ի վեր անձնատուութեան վերաբերող կամ զայն «արդարացնելու» միտող անտրամաբանական եւ անհեթեթ յայտարարութիւնները:

Սոյն յայտարարութիւնները սալոններու մէջ արտայայտուած խօսքեր չեն, այլ՝ պաշտօնական հաղորդումներ նաեւ բեմի վրայ բարձրաձայն հնչեցուած նախադասութիւններ կամ շրջանառութեան դրուած պաշտօնական տեսակէտներ.

  • «Շուշին դժբախտ եւ դժգոյն քաղաք էր»:
  • «Հայաստանում բոլորն էլ գիտէին, որ Արցախի Հանրապետութեան տարածքի մեծ մասը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքն է, եւ այն վաղ թէ ուշ պէտք է վերադարձուէր օրինական տէրերին»:
  • «Հայաստանը որեւէ հնարաւորութիւն չի ունեցել խուսափելու պատերազմից»։
  • «Գորիս – Կապան մայրուղու մի մասը յանձնուել է Ազրպէյճանի վերահսկողութեանը Սիւնիքի մարզի անվտանգութիւնն ապահովելու նպատակով»։
  • «Շուշին մինչեւ 1992-ը չի կարելի համարել հայկական քաղաք, որովհետեւ բնակչութեան 90 տոկոսը եղել են ազրպէյճանցիներ»:
  • «2020 թ. նոյեմբերի 9-ից յետոյ Ազրպէյճանից աւելի շատ հայ գերիներ են վերադարձել, քանի 2018 թ. մայիսից առաջ ընկած ժամանակահատուածում»։

Ընթերցողին դատողութեան ձգելով վերոյիշեալ երեւոյթը՝ անփորձութիւն, անճարակութիւն, ժողովուրդին քիթին խնթալ, թէ ինքնախաբէութիւն որակել, ինծի կը մնայ, կատարուածին արդիւնքէն դատելով, բարձրաձայն հարցադրել, թէ դաւաճան մը ի վերջոյ պոչո՞վ կ՛ըլլայ, թէ կոտոշով…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img