«Մեծ հանգրուան, մեծ նուաճում, մեծ կոթող, որուն շնորհիւ մեր ժողովուրդը մի մեծ ոստում կատարեց մշակոյթի ասպարէզում, դէպի առաջ, դէպի վեր»
Վազգէն Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Գիտաժողով
1966 թուին, երբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին կը տօնէր Աստուածաշունչի տպագրութեան 300-ամեակը (1666) Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակովը Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, կրկնակի հանդիսութիւններ կը զուգորդուէին՝ գիտաժողովն ու «Էջմիածին» ամսագրի 1966 թուի ԺԱ եւ ԺԲ միացեալ հոյակապ հատորը։ Տարիներ անցան եւ մենք այսօր պատշաճօրէն կ՛անդրադարձանք հանդիսութեանց որոնք բացառիկ հանգրուանները նշեցին յայտնի բանասէրներու մասնակցութեամբ, եւ մանաւանդ խմբագրութեամբը յիշեալ «Էջմիածին» ամսագրին որուն կ՛ուզեմ յատկացնել սոյն գրութիւնը։ Ամսագրի յիշեալ համարներու բովանդակութեան մասին փափաքեցայ անդրադառնալ, ինչպէս 54 տարի առաջ հիացումով կարդացեր էի եւ այսօր աչքիս առաջ, կը տեսնեմ կրկին առաջատար բնասէրներու գիտական վերլուծումները հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան առնչութեամբ։ Նման երեւոյթ հանգամանօրէն միակն էր որ կատարուեցաւ Մայր Աթոռէն ներս, երբ տակաւին հայրենիքն ու եկեղեցին Սովետական ճնշումի ներքեւ կը յառաջդիմէին։ Կրկնակի այդ բացառիկ իրագործումը բացառիկ անձնաւորութեան մը կը պարտինք յանձին Ամենայն Հայոց Շնորհազարդ Հայրապետ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին։
Մայր Աթոռի Վեհարանին մէջ գիտաժողովը գումարուեցաւ Թարգմանչաց Տօնի երեկոյեան, 1966 թուի Հոկտեմբեր 8-ին, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողի-կոսին, որուն Երեւանէն իրենց մասնակցութիւնը բերին բանասիրական եւ պատմագի-տական ամպիոններու վարիչներն ու գիտական աշխատակիցները՝ Լեւոն Խաչիկեան, Ա. Յարութիւնեան, Ս. Մելիքսէթեան, Վարագ Առաքելեան, Օհան Տուրեան, Յովհաննէս Չեքիճեան, եւ ճարտարապետներու խումբ մը գլխաւորութեամբ Վարազդատ Յարութիւն-եանի եւ Պաղտասար Արզումանեանի։ Մայր Աթոռէն՝ Կոմիտաս Տ. Ստեփանեան եւ Տիրայր Մարտիկեան Արքեպիսկոպոսներ ու Հայ Եկեղեցւոյ գործերու խորհուրդի նախագահ Ս. Յովհաննիսեան, ակադեմիկոս Արարատ Ղարիպեան, եւ արտասահմանէն Փրոֆ. Յակոբ Ճ. Սիրունի, ամերիկահայ մտաւորական Տիգրան Պօյաճեան, եւ Պուքարեստի Պետական Համալսարանի դասախօս Դր. Գրիգոր Բամպուքճեան։
Գիտաժողովին գլխաւոր բանախօսն էր Երեւանի Պետական Համալսարանի դասա-խօս եւ մատենագէտ Ռաֆայէլ Իշխանեան որ խօսած է «Ոսկանեան Աստուածաշունչի Տպագրութիւնը» նիւթին շուրջ, ընդգծելով «պատմական եւ հսկայական» դերը զոր Աստուածաշունչը իր հայերէն թարգմանութեամբ կատարած էր, սկիզբ դնելով հայ դպրութեան։ Խօսք առած են նաեւ Արարատ Ղարիպեանն ու Յակոբ Ճ. Սիրունին։ Փակման խօսքը կատարած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը որ դարադարձին ակնարկելով զայն կոչած է «մեծ հանգրուան, մեծ նուաճում, մեծ կոթող, որուն շնորհիւ մեր ժողովուրդը մի մեծ ոստում կատարեց մշակոյթի ասպարէզում, դէպի առաջ, դէպի վեր»։ Ոգեկոչելէ ետք երկու ռահվիրաներուն՝ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսին եւ Ոսկան Երեւանցի Վարդապետին յիշատակը, Վազգէն Ա. Հայրապետ ինչպէս իր Կոնդակին մէջ, կը ճշդէր յարակցութիւնը երկու Կաթողիկոսներու՝ Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետի եւ Յակոբ Ջուղայեցիի, եւ երկու Վարդապետներու՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Ոսկան Երեւանցիի իրարմէ դարերով հեռաւոր եւ սակայն աւանդներով զուգընթաց՝ «Թագուհի Թարգմանութեանց» հայոց Աստուածաշունչ Մատեանի առաջին տպագրութեան առիթով։
Վազգէն Շնորհազարդ Հայրապետ ի նշան գնահատանքի եւ սիրոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ա. Կարգի Շքանշանով կը պատուէր Ռումանահայ իր ուսուցիչը՝ մտաւորական, բանասէր պատմաբան Յակոբ Ճ. Սիրունին որ այդ օր կը ներկայացնէր Սիամանթոյի եւ Դանիէլ Վարուժանի նախապատերազմեան սերունդը, ըլլալով անոնց դասակիցն ու գրչեղբայրը։
«Էջմիածին» Ամսագրի Բացառիկը
«Էջմիածին» ամսագրի յիշեալ միացեալ հատորը, 250 մեծադիր էջերու մէջ արժանին կը հատուցանէր դարադարձին՝ բովանդակալից ուսումնասիրութիւններով, ուր ժամանակակից հայ բանասէրներ ու գիտնականներ յանձներ էին իրենց մենագրութիւն¬ ները սուրբգրական թեմաներով եւ յարակից բանասիրական մեկնաբանութիւններով՝ ի գլուխ ունենալով Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակը։ Կեդրոնական յօդուածներէն հետեւեալ հինգը մնայուն արժէք ներկայացնող ուսումնասիրութիւններ են որոնց բովանդակութեան կուզեմ հակիրճ կերպով անդրադառնալ որպէս ուսանելի էջեր բոլորիս համար։ Հետեւեալներէն առաջինը, Քոլանջեանի ուսումնասիրութիւնը, չափազանց կարեւոր կը նկատեմ մինչեւ այժմ տարակուսելի նկատուած հարցին շուրջ, թէ ո՛ր ձեռագիր Աստուածաշունչը հիմ ծառայած է Ոսկան Երեւանցիի առաջին տպագրութեան համար 1666 թուին։
Ա) ՍՈՒՐԷՆ ՔՈԼԱՆՋԵԱՆ, ձեռագրագէտ, ճշդած է Ոսկանեան տպագրութեան բնագիր եղող ձեռագիրը, որուն վրայէն կատարուած է 1666-ի առաջին տիպը։ Սոյն աշխատանքը ամենէն հիմնականը կը նկատուի, քանի որ ոչ ոք չէր ձեռնարկած ստուգել թէ ո՞ր ձեռագիր Աստուածաշունչն էր հիմ ծառայողը։ Քոլանջեան կասկած չունէր թէ Ոսկան Երեւանցի 1662 թուականին «Հայաստանից Եւրոպա ուղեւորելիս իր հետ անպայման պէտք է տարած լինէր Աստուածաշունչի մի գրչագիր օրինակ», որու մասին ոչ մէկ ակնարկ գտեր էր յիշատակարանին մէջ, բացի «առաւելութիւն ի ՄԵՐՍ եւ պակասութիւն ի ՆՈՍԱ» անուղղակի ակնարկէն որով պիտի հասկցուէր թէ իր ձեռքին տակ գէթ ՄԵՐ օրինակը կար։ Հայր Միքայէլ Չամչեան առաջինն էր, կ՛ըսէ Քոլանջեան, որ կը գրէր թէ լատին քարոզիչ Պօղոս Պիրոմալի Էջմիածին կը գտնուէր 1637-ին եւ իր Հռոմ վերադարձին «տարաւ ընդ իւր զձեռագիր Աստուածաշունչ մի հայերէն», զոր համեմատելով լատիներէնին հետ, եւ «փոփոխեալ ըստ հաճոյս», պիտի յանձնէր տպագրութեան։ Նոյն Պիրոմալին ծանօթ էր Ոսկան վարդապետին Ս. Էջմիածնի մէջ, որ կրկին Էջմիածին երթալով 1642-ին Փիլիպոս Աղբակեցի Կաթողիկոսի մօտ ուր «սկսեց Ոսկանի հետ համեմատել հայկական Աստուածաշունչը լատինականին հետ»։
Քոլանջեանի քննող միտքը կը յանգէր այն եզրակացութեան թէ հարկ էր Մաշտոցի Մատենադարանին մէջ պահուած Հեթում Բ. Թագաւորի (1289-1301) ստացած ձեռագիր թիւ 180 Աստուածաշունչը բաղդատել Ոսկանեան տպագրութեան հետ, տեսնելու համար արդեօ՞ք այդ կրնար ըլլալ բնագիր ձեռագիրը 1666-ի հրատարակութեան։«Մեր կատարած պրպտումները ի վերջոյ դարձեալ կանգ առին Հեթում Բ. Թագաւորի պատուէրով 1295 թուականին գրուած Աստուածաշունչին վրայ, որի մանրազնին համեմատութիւնը Ոսկանեան հրատարակութեան հետ ցոյց տուեց որ վերջինս կրում է ձեռագրում կատարուած յետագայի փոփոխումների ճնշող մասը»։
Ընդարձակօրէն ցուցակագրելէ ետք «Արքայական Աստուածաշունչը», Քոլանջեան կ՛եզրակացնէ թէ «Ոսկան Երեւանցին Աստուածաշունչը տպագրելու ընթացքում արքայական գրչագիրը իրեն իբրեւ հիմք է ընդունել», աւելցնելով նաեւ որ յիշեալ ձեռագիրը մինչեւ 1656 թուական կը գտնուէր Կարին իր տիրոջ, Յովհաննավանքի վանահայր Զաքարիա Վաղարշապատցիի մօտ։
Բ) ՅԱԿՈԲ ԱՆԱՍԵԱՆի «Աստուածաշունչ Մատեանի հայերէն բնագիրը» 26 էջ, որ բացառիկ արժէք կ՛ընծայէ բանասիրութեան։ Անասեան կը քննարկէ 5-րդ դարու մեր պատմիչներու վկայաբանական տեղիքը թէ ի՛նչպէս, ո՛ր գիրքերը, եւ ի՛նչ կարեւորութեամբ թարգմանիչները ձեռնարկեցին իրենց գործին, վերլուծելով ասորական «փութանակի» եւ յունական «հաստատուն» թարգմանութեանց տարբերակները, տալով նաեւ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու բանասէրներուն՝ Գրիգոր Խալաթեանցի, Նորայր Եպս. Պողարեանի, Հայր Համազասպ Ոսկեանի, Ֆրետերիք Մաքլէրի կատարած բաղդատական աշխատանքները։ Անասեան յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է նաեւ հայերէն թարգմանութիւններու սկզբնագիր բնագիրներուն, որոնց մէջ ակնառու կը գտնէ Որոգինէս Աղեքսանդրացիի կազմած Գ. դարու բնագիրը որ իր կարգին օգտագործած էր Բ. դարու յունարէն թարգմանութիւնները՝ բոլորն ալ հիմքը կազմելով «Եօթանասնից» կոչուած բնագրին, որուն վրայէն կատարուեցաւ հայերէն ոսկեղնիկ թարգմանութիւնը Սահակ- Մերոպեան թարգմանիչներուն կողմէ։ Իր կարծիքով «Եօթանասնից» բնագիրը «նոյնինքն Կեսարեան ընտիր բնագիրն էր որից Կոստանդին Մեծի պատուէրով Եւսեբիոս Կեսարացի պատմիչ 50 օրինակ ընդօրինակել տալով Կ. Պոլիս ուղարկած էր 311 թուին»։
Անասեան կը քննարկէ նաեւ լատին Վուլկադայի ազդեցութիւնը հայերէն բնագրին վրայ որ անշուշտ շատ ուշ ժամանակի հարց մըն էր, Կիլիկեան Հայաստանի մէջ 13¬րդ դարուն, երբ Աստուածաշունչի գիրքերուն «գլխաբաժանումները» ներմուծուեցան։ Իր համապարփակ գրութիւնը կ՛ամփոփէ հայերէն բնագրին վերականգնումով՝ յատկապէս Մխիթար Սեբաստացիի 1733 թուի, եւ Յովհաննէս Զոհրապեանի 1805 թուի Աստուածաշունչի հրատարակութիւններով։
Գ) ՍԻՐԱՐՓԻ ՏԷՐ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆի յօդուածը ցուցակագրումն է Երզնկայի 1269 թուի Ատուածաշունչին, 38 մանրանկարներով հարուստ, որ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքի ձեռագրատան մէջ կը պահուի 1925 համարին ներքեւ։ Ըստ գիտնական հեղինակին «նկարչութեան ոճը կը յիշեցնէ Կիլիկեան կարգ մը ձեռագիրներու արուեստը»։ Հին Կտակարանեան դէմքերու նկարներով հարուստ այս ձեռագիր Աստուածաշունչը, կ՛ըսէ բիւզանդագէտ Տէր Ներսէսեան, «անծանօթ է բիւզանդական արուեստին»։ Հոն կ՛երեւին Մովսէս, Յեսու, Գեդէոն եւ Սամսոն, նկարուած իրենց գահերուն վրայ, եւ յետոյ Դաւիթ մարգարէ որպէս սաղմոսերգու՝ լարային գործիքը ձեռքին։
Երզնկայի ձեռագիր Մատեանին մէջ Տէր Ներսէսեան հետաքրքրական կը գտնէ մարգարէներու լրիւ շարքը նկարուած, ինչպէս Սոփոնիա եւ Զաքարիա, մագաղաթներ բռնած մեսիական խօսքերով՝ «Ահա թագաւոր քո գայ առ քեզ արդար» մարգարէութեամբ։ Տէր Ներսէսեանի բացատրութեամբ «մեսիական այս մարգարէութիւնները արտագրելով, նկարիչը ուզած է Հին եւ Նոր Կտակարաններու յարաբերութիւնները մատնանշել»։ Նաեւ շատ ինքնատիպ կը գտնէ Դանիէլ մարգարէի որպէս դատաւոր գահին բազմած, Շուշանի տխուր եւ գլխիկոր գետին նստած, եւ երկու զրպարտիչ ծերերու գաղտագողի Դանիէլի մօտենալուն դրուագները։
Դ) ՀԱՅԿ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի Աստուածաշունչի ասորերէն եւ հայերէն թարգմանութիւններու մասին գրածը մասնագիտական բաղդատական մըն է որ կը սկսի ոսկեդարեան պատմիչներու Կորիւնի եւ Խորենացիի տուած նախնական տեղեկութիւններով եւ կը հասնի մինչեւ Եփեսոսի 431 թուի Գ Տիեզերական Ժողովը երբ Հայ Եկեղեցին ունէր միայն «յանկարծագիւտ» թարգմանութիւնը։ Մելքոնեան որպէս քաջատեղեակ ասորերէն լեզուի եւ բանասիրութեան, կ՛աւելցնէ թէ քաղաքական պայմաններու բերումով Հայաստան Դ. դարու վերջերը մշակոյթի գետնի վրայ իր կապերը յունարէնի հետ խզեց եւ ասորերէնին յարեցաւ, երբ նոյնիսկ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ Եդեսիա եւ Ամիտ գնաց հայերէն տառերը հնարելու ծրագրով։
Մելքոնեանի քննական ակնարկէն յայտնի կը դառնայ որ այդ «յանկարծագիւտ» թարգմանութենէն պահպանուած են միայն Մնացորդաց Ա եւ Բ գիրքերը թէ՛ Երուսաղէմի Հայոց Վանքի 1269 թուականի գրչագրի, եւ թէ՛ թիւ 183 ձեռագրին մէջ՝ գրուած 1635 թուականին։ Նոր Կտակարանի պարագային Մելքոնեան կը նշէ թէ ասորերէն թարգմանութիւնները կային եւ 6-րդ դարէն ետք սկսան ծառայել որպէս բնագիր այդ լեզուներուն համար։ Անոնցմէ հնագոյնն է «դիատեսարոն»ը (Չորս Համատես Աւետարանները) որ «ամենահին Աւետարանն է՝ պատրաստուած եկեղեցական յայտնի գործիչներից Տատիանոսի ձեռքով»։ Հեղինակը կաւելցնէ թէ մեր Եզնիկը, Ագաթանգեղոսն ու Փարպեցին իրենց աւետարանական վկայակոչումները նոյն «դիատեսարոն»էն քաղած են եւ օգտագործած Հայ եկեղեցիներուն մէջ։
Ե) ԳԷՈՐԳ ԱԲԳԱՐԵԱՆի յօդուածը որպէս յայտնի մատենագէտ Ոսկանեան Աստուածաշունչի Սիրաքի պարականոն գիրքին կը վերաբերի, ուր «երկու անհարազատ գլուխներ» կը գտնէր, որոնց փոխարէն նորայայտ հատուածներ երեւան հանելով կ՛ամբողջացնէ ոսկեդարեան թարգմանութեան Սիրաքի գիրքը։ Խնդրոյ առարկայ երկու գլուխներն են 18-րդ գլխու համար 30¬էն մինչեւ 20¬րդ գլխու 26 համարը «որոնց լեզուն եւ ոճը բոլորովին տարբեր են նախորդ եւ յաջորդ գլուխներից» ինչպէս ինք կը նշէ։ Աբգարեան իր խղճամիտ քննութիւններով գտած է Երեւանի Մատենադարանի թիւ 5608 ձեռագիրը, որ իր մէջ «պահպանել է Սիրաքի գրքի հնագոյն թարգմանութեան ամենավաղ ընդօրինակութիւնը»։