Լիբանանի խորհրդարանի առողջապահութեան յանձնախումբի նախագահը երէկ յայտարարեց, որ քորոնա ժահրի դէմ թիւով 50000 ֆայզըր տեսակի պատուաստանիւթի առաքումը կ՛ակնկալէ ստանալ յառաջիկայ Փետրուարի 8-ին:
Քաղաքական գետնի վրայ, Յառաջդիմական-ընկերվար կուսակցութեան նախագահ՝ Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ մերժած է մաս կազմել ընդդիմութիւնը ներկայացնող ճակատի մը, որ կը միտի երկրին նախագահը ամբաստանել երկրին տնտեսական եւ ֆինանսական խնդիրներուն հարցով: