Կիրակի, 24 Յունուար 2021-ին տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութիւն «Աղօթքի Շաբաթ Եկեղեցիներու Միութեան Համար» կազմակերպութեամբ Միջ-եկեղեցական Երկխօսութեան Յանձնախումբին:
1908 թուականէն ի վեր հաստատուած գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի, աշխարհի տարածքին եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ միատեղուելով, Յունուարի երրորդ շաբթուան ընթացքին կը կատարեն եկեղեցիներու միութեան աղօթք: Այս տարի, Քորոնա ժահրին ստեղծած ոչ-բնական պայմաններուն պատճառով յիշեալ արարողութիւնը կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ: Յիշենք, որ 2019-ին վերոնշեալ աղօթքի արարողութիւնը տեղի ունեցած էր Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատգամ մը ուղղած էր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովուրդին:
Այս տարի աղօթքի մասնակցեցան աւելի քան 42 ներկայացուցիչներ: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ, Արաբերէն աղօթքի ընթերցումով Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեան: