ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեց Աշխատակից
Ինքնաշարժը շատ անհրաժեշտ է մարդուն համար՝ նամանաւանդ Արեւմուտքի քաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ։ Մարդիկ թէ գործի կ՛երթան ինքնաշարժով եւ թէ ալ շուկայ՝ իրենց ընտանիքի զանազան գնումները կատարելու։ Առաւել՝ շատեր տարեկան իրենց արձակուրդներուն համար ալ կը գործածեն, ընտանիքի ինքնաշարժը։
Ուրեմն արդար է որ այսօրուան մեր նիւթը կեդրոնանայ ինքնաշարժներու վրայ եւ արծարծենք ինքնաշարժներու հետ առնչութիւն ունեցող հարցեր, տարբեր երկիրներու մէջ։
Ինքնաշարժի մը Ինքնակոչ Ճամբորդը . . .
Այս դէպքը պատահած է Աւստրալիոյ Քուինսլէնտ նահանգի Լովուտ քաղաքին մէջ։ Կին մը դեղարան կ՛երթայ եւ երբ ինքնաշարժին դարակը (glove compartment) կը բանայ, յանկարծ մէջէն օձ մը սողալով՝ դուրս կու գայ (տես նկարը) . . .
Սարսափահար՝ օգնութիւն կը կանչէ եւ Էնտրու Սմէտլի անունով մէկը օգնութեան կը փութայ։ Դուն մի ըսէր որ Էնտրու արհեստավարժ օձ բռնող (snake catcher) մըն է եղեր: Իսկապէս բարեբախտութիւն է որ Էնտրուի նման մէկը մօտերն էր եւ այսպիսով՝ խեղճ կինը կ՛ազատի ստոյգ մահէ!
Էնտրու՝ իր փորձառութեան վրայ հենած, կը վկայէ թէ օձերը ընդհանրապէս ինքնաշարժին մեքենային մէջ կը մտնեն, որմէ ետք սողալով կ՛երթան ինքնաշարժին ներքին զանազան մասերը։
Էնտրու կ՛ըսէ նաեւ որ ան ժամանակի ընթացքին շատ մը օձեր հանած է ինքնաշարժներու մէջէն, բայց երբեք ինքնաշարժի մը դարակէն։ Ան սակայն չի յայտնէր թէ օձը թունաւոր էր՝ թէ անվնաս։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ օձին տեսակը, բաւ է որ ան սարսափի կը մատնէ, մանաւանդ վախկոտ մահկանացուները՝ չ՞է։
Հաւը՞ Թէ Հաւկիթը . . .
Յաճախ ընկերային մեր սիրալիր վիճաբանութիւններուն մէջ հարց ծագած է թէ ո՞րն է առաջնահերթը։ Այսպէս, արդեօ՞ք հաւը առաջ ելած է հաւկիթէն, թէ հաւկիթը առաջ ելած է հաւէն . . .
Հիմա պիտի ըսէք թէ այս խորագիրը ի՞նչ գործ ունի ինքնաշարժին հետ, որ մեր նիւթն է այսօր։ Ուրեմն թոյլ տուէք որ բացատրեմ։
Գիտենք որ ինքնաշարժ վարելու համար պետութենէն արտօնագիր (license plate) պէտք է ստանանք։ Քալիֆորնիոյ մէջ՝ եւ հաւանաբար ալ այլուր, այդ արտօնագիրը կը բաղկանայ տառերէ եւ թիւերէ (3UAK114): Սակայն յաւելեալ գումարով մը՝ կրնաս դուն որոշել արտօնագիրին բաղադրութիւնը (U R NEXT): Ամերիկայի մէջ, դրամը կը խօսի . . .
Հիմա գանք «Հաւը՞ թէ Հաւկիթը» խորագրին։ Դիտեցէք կցուած ինքնաշարժին նկարը` Ամերիկայի Վըրճինիա նահանգէն, եւ բաղդատեցէք արտօնագիրն (1 EAR UP) ու ինքնաշարժին ետեւի աթոռին վրայ կեցած շունը, որուն մէկ ականջը վեր է միւսէն`ինչպէս արտօնագիրը կը մատնանշէ։ Այժմ դուք կռահեցէք թէ ո՞ր մէկը միւսէն առաջ եկած է, նման հաւին եւ հաւկիթին!
Ամուսնալուծման Յոռի Հետեւանքներէն . . .
Ամուսնալուծումները՝ գրեթէ ամենուրէք, դժբախտաբար անխուսափելի դարձած են։ Իսկ անոնց հետեւանքները՝ շատ անախորժ են, յատկապէս զաւակներուն համար։ Անոնք պէտք է շաբթուան մէկ մասը ապրիլ իրենց մօրը քով եւ մէկ մասն ալ՝ իրենց հօրը քով!
Գաղտնիք մը չէ որ Ամուսնալուծման մը պարագային՝ մեծապէս օգտուողը կինն է։ Ամուսինը պէտք է կնոջ ապրուստը հոգալ (alimony), զաւակներուն հոգատարութեան ծախսը (child support) ապահովել։ Առաւել՝ բնակարանն ու ինքնաշարժը կնոջ թողուլ, որպէսզի ան կարենայ իր ապրելակերպը շարունակել՝ այնպէս ինչպէս վարժուած էր, չամուսնալուծուած . . .
Քանի որ մեր այսօրուան նիւթը կը կեդրոնանայ ինքնաշարժներու վրայ, դիտեցէք կցուած՝ Գանատայի Օնթարիոյ նահանգէն ինքնաշարժի մը նկարը եւ կարդացէք անոր արտօնագիրը, որ կ՛ըսէ «Իրն էր» (WAS HIS)։
Սա խօսուն մէկ օրինակն է ամուսնալուծման յոռի հետեւանքներուն եւ դժբախտաբար ամուսնալուծուած կինը չամչնար՝ հրապարակաւ յայտարարելու եւ նաեւ յոխորտալու այդ մասին։ Կարծես հպարտանալու առիթ մըն է ամուսնալուծումը։ Է՜հ, ի՞նչ օրերու մնացած ենք!
Ըստ ինծի, ամուսնալուծումը ամօթալի երեւոյթ մըն է։ Սակայն երբ ամուսնալուծուողներուն հարցնես՝ անոնք հետեւեալ ձեւով կ՛արդարացնեն իրենք-զիրենք, «Աւելի լա՞ւ է օրն ի բուն վիճաբանիլ եւ կռուիլ, զաւակներուդ ներկայութեան։» Թերեւս իրենք ալ իրաւունք ունին։