ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԱՄԵԱԿ
1951-2021
Վարդանանց 1500-ամեակ
Երաժշտագէտ Համբարձում Պէրպէրեան
Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Հայրապետին Կտակը
Պիտի հարցնէք թէ ի՛նչ կրնար ըլլալԿիլիկիոյ մեծանուն եւ գիտնական Գարեգին Ա Հայրապետին կտակը ուղիղ 70 տարիներ առաջ։ 1950 թուականի Գահիրէի իր ամառնային արձակուրդին, ուր Եգիպտոսի բուրգերուն ստորոտը գտնուող յայտնի հիւրանոցին մեծ հիւրն էր Հայրապետը, երկու եգիպտահայ Դպրեվանքի ուսանողներս Նուպար Քիւփէլեանն ու ես գացեր էինք իր Աջն առնելու ու օրհնութիւնը ստանալու։ Անթիլիաս վերադարձին Կաթողի-կոսարանին մէջ Գարեգին Վեհափառ Կաթողիկոսը իր մօտ կը կանչէր տաղանդաւոր երաժշտագէտն ու մեր ուսուցիչը Համբարձում Պէրպէրեան, յանձնարարելով որ Վարդանանց Հերոսամարտի 1500-ամեակի բացառիկ առիթով երաժշտական վայելուչ համերգ մը պատրաստեր։ Մեր ուսանողութեան շրջանը ըլլալով Պրն. Պէրպէրեան յայտնեց ծրագիրը եւ ընտրեց ձայնեղ տղաքն ու սկսաւ գործի։
Հանճարեղ երաժշտագէտը նախ պիտի ընտրէր լաւագոյն բնագիրը զոր պիտի վերածէր հագներգութեան (Քանթաթայի) եւ այդ բնագիրը միայն մեծանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» նոյնքան հանճարեղ բանաստեղծութիւնը պիտի ըլլար։ Հիմնական աշխատանքը Դպրեվանքին մէջ կատարելէ ետք, մասնագէտ երգիչներով, լրիւ նուագային գործիքներու մասնակցութեամբ, տարուան մը ընթացքին Համբարձում Պէրպէրեան կարողացաւ Խորհուրդ Վարդանանց Քանթաթան ստեղծագործել որ շուտով համերգային պետական եւ յայտնի սրահներու մէջ իր հռչակը տարածեց։
Առաջին պատեհութեամբ Գարեգին Հայրապետի հովանաւորութեամբ 1951 Փետրուար 1-ի Կիրակի օր յոբելինական տարիին բացումը կը կատարուէր Կաթողիկոսութեան Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած եպիսկոպոսական Պատարագի աւարտին, ու առաջին անգամն ըլլալով համանուագը կը հնչէր ի ներկայութեան հազարաւոր ժողովուրդի։ Ականատեսի վկայութեամբ է որ գրի կ՛առնեմ սոյն տողերը։ Երգչախումբի նախնագոյն մասնակիցներէն ընտրեալներու կարգին պիտի ըլլային նաեւ Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեան, այն ատեն սարկաւագ, եւ Ընծայարանի Ա կարգի ուսանող՝ տողերս արձանագրողը։
Հոյակապ Համանուագ
Այս եղաւ Սրբազնագոյն Հայրապետ Տ.Տ. Գարեգին Ա Կաթողիկոսի կտակը, բոլորովին տարբեր ուրիշներու թողած կտակներէն։ Դարձաւ միջազգային ստեղծագործութիւն սփիւռքի տարածքին եւ Հայաստանի մէջ։ Հայրապետական կտակը դարձաւ մնայուն՝ աշխարհին ցոյց տալով երաժշտական հոյակապ համերգ մը իր լիիրաւ բովանդակութեամբ եւ բարձրօրէն արժանի Հայ ժողովուրդին հոգեհարազատ 451 թուի Վարդանանց Հերոսամարտին։ Խորա-պէս տպաւորիչ այս Համանուագը մնաց իմ յիշողութեան մէջ անխախտ։ Հանդիսացաւ մեր ժամանակներու հայ երաժշտութեան գլուխ գործոցը, ինչպէս կը վկայէր հանգուցեալ երաժշտագէտ Փրոֆ Գրիգոր Փիտէճեան`Պէրպէրեանի աշակերտն ու հիացողը։ Մտովի միշտ կ՛երգեմ հետզհետէ իրազեկ դառնալով երաժշտութեան վերիվայրումներուն, կառուցուած-քային նրբերանքներուն ու շեշտադրումներուն՝ մտածուած եւ նրբագոյնս հետեւողական։
Անքան զգայուն եւ իմաստալից այս համանուագը «լուռ ու լուրջ գիշերով» մը կը սկսի, «հսկած բանակին շուրջ», հսկումի արարողութեամբ, եկեղեցիներու կոչնակներու ղօղանջին ներքեւ։ «Խթում է կարծես», ամէն կողմ սեղան Սուրբ Հաղորդութեան մատակարարման համար, «մոմերով ու երէցներով», նոյնքան պատրաստ զինակիցներուն համար, գլխաւորութեամբ Ղեոնդ Երէցի։ «Բանակը ճաշակ կ՛առնէ այս գիշեր» երբ ամենէն վերջը Զօրավար Վարդան Մամիկոնեան «գլխաբաց կու գայ հաղորդուիլ արեամբն Յիսուսի»։
Հերոսամարտը կը Յայտարարուի
Արական նրբագոյն ձայնով մեներգիչը կուտայ մարտահրաւէրը՝ «Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց յառա՛ջ»։ Այստեղ երաժշտութիւնն է որ պատերազմի դաշտ կը դառնայ ինքնին՝ թմբուկներու, ծնծղաներու, եւ փողերական գործիքներու համոյթով մը, ձայնեղ եւ սրտառուչ, որոնց կը հետեւի Զօրավարին հրամանը, այս բոլորը մեծ բանաստեղծ Թէքէեանի թռիչքով եւ երաժշտագէտին տաղանդով, ծաւալուն երկսեռ երգչախումբով եւ լման նուագախումբով։ Կը լսենք ու կը հիանանք թէ ինչպէս երաժշտական ձայներն ու ելեւէջները կը հրաւիրեն «երկինքն այս գիշեր երկիրը օրօրելու»։ Եւ մինչդեռ կռիւը կը լսուի իր լիաբուռն երաժշտութեամբ, յանկարծ կը մեղմանան, շատ կը մեղմանան, յայտնելու համար Զօրավար Վարդան Մամիկոնեանի նահատակութիւնը՝ իր «անմահ հոգին» ետին ձգելով։
Քանթաթան իր վեհաշունչ եզրափակիչ ու վերասլաց երգով կը վկայէ թէ «դարեր կ՛անցնին, բայց Վարդանը քաջ, բայց Վարդանը սուրբ, կ՛երթայ միշտ յառաջ»։ Տարին յոբելինական տարի ըլլալով սոյն ստեղծագործութիւնը ներկայացուեցաւ Լիբանանի, Երեւանի, Պոստոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ յաջորդաբար։ Բախտաւորութիւնը ունեցայ վերջին անգամ Նիւ Եորքի ծանօթ պետական երաժշտասրահին մէջ 1973 թուի գարնան, հայոց եւ ամերիկացիներու խուռներամ ներկայութեան մատուցուած համերգին ներկայ գտնուելու, այս անգամ գերազանց, ղեկավարութեանը ներքեւ Համբարձում Պէրպէրեանի։ Փիտէճեանի վկայութեամբ Պէրպէրեան քսաներորդ դարու հայ մեծագոյն երաժշտագէտը կը հանդիսանար, ինչպէս դար մը աւելի կանուխ՝ Կոմիտաս Վարդապետ։
Վահէ Պէրպէրեանի Կտակը

Համբարձում Պէրպէրեանի արժանաւոր որդին, թաւջութակահար Վահէ Պէրպէրեան, եղաւ իմ մտերիմը։ Այժմ հանգուցեալ Վահէն որ ատեն մըն ալ մեր ուսուցիչը եղաւ Դպրեվանքէն ներս իր հօրը փոխարէն, յաճախ կը հեռաձայնէր։ Օր մը յայտնեց թէ Վարդանանց Օրաթորիոյին վերջնական եւ լաւագոյն օրինակը իր քովն էր եւ կ՛ուզէր ապահով տեղ մը հասցնել։ Քեզի կը վստահիմ ըսելով ղրկեց եւ այժմ իմ մօտ կը գտնուի վերջնագոյն եւ լաւագոյն տարբերակը, լրիւ եգչախումբի եւ նուագախումբի նօթերով, քսան էջ։ Այդ մասին տեղեակ պահեցի Փրոֆ Գրիգոր Փիտէճեանը օր մըն ալ ընտիր այս օրինակը իրեն ցոյց տալու եւ յանձնելու։ Չհասայ սակայն եւ Փիտէճեան աւաղ իր մահկանացուն կնքեց։
Մտքէս անցաւ, արդեօ՞ք կրնայի Internet-ին մէջ գտնել ուղղակի քանթաթային կատարումը թերեւս մեծանուն հեղինակին ճպոտին ներքեւ։ Գտայ եւ սակայն շատ հեռու մեր գիտցածէն։ Երգչախումբը տկար, ղեկավարը նորընծայ, նուագները ոչ իրական գործիքներով այլ ձայներիզներու վերարտադրութեամբ, շատ դանդաղ եւ միապաղաղ ընթացքով։ Կը մնան միայն Երջանկայիշատակ Գարեգին Մեծ Հայրապետին կտակն ու Համբարձում Պէրպէրեանի գերազանց ստեղծագործութիւնը։