Աւելի քան 220 հոգի վիրաւորուեցան Թրիփոլիի մէջ ընթացող բողոքներու երրորդ գիշերը: Բողոքներու հաւաքներու ընթացքին բախումներ տեղի ունեցան քորոնաժահրի օրակարգով կառավարութեան պարտադրած արգելափակումներուն դէմ ըմբոստացողներու եւ ներքին ապահովական ուժերու միջեւ ինչ, որ պատճառ հանդիսացաւ, որ երկու կողմէն իյնան վիրաւորներ:
Մինչ բողոքները կը շարունակուին դէպի Պէյրութ ընդլայնելու հաւանականութեամբ, վարչապետի յանձնակատար Հասսան Տիապ յայտարարեց, որ արգելափակումները օգնեցին, որ ժահրի տարածումը դանդաղի:
Այս բոլորին զուգահեռ, երէկ յայտնի դարձաւ, որ ժահրի դէմ պատուաստի ժամանումը Պէյրութ կրնայ ուշանալ նաեւ ան այս հանգրուանին կրնայ չհասնիլ ըստ ակնկալուած քանակութեան: