Լիբանանահայ վաստաաւոր դերասան եւ բեմադրիչ՝ Յարութ Գնդունի իր ֆէյսպուքի էջին վրայ կը գրէ.
Պէյրութի մէջ, «քորոնա»ի զոհ գացած է, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ի «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբի Վարչութեան վաստակաւոր ատենապետ ՏՐԴԱՏ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆԸ։
1978 էն սկսեալ, ան 35 տարիներ եղած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի ատենապետ, ղեկավարելով խումբը։ Իր օրով խումբ հրաւիրուած են բեմադրիչներ՝ Վաչէ Ատրունի, Վաչէ Տօնէրեան, Յարութ Գնդունի, Վիգէն Ստեփանեան, Պերճ Ֆազլեան, Արտշ. Յովհաննէսեան, Գրիգոր Տէկիրմենճեան, Երոանդ Ղազանճեան եւ Վարդան Մկրտիչեան, որոնք բարձր որակի բեմադրութիւններ իրականացուցած են, նպաստելով լիբանանահայ թատրոնի վերելքին։
Տրդատ Աւետիքեանի օրով, հայրենի բեմադրիչ Երոանդ Ղազանճեան ՀԵԸ ի «Վ. Փափազեան» Թատերախումբին հետ բեմադրած է մօտ 12 թատերախաղեր (2001-2013) որոնք մեծապէս գնահատուած են հանդիսատեսին եւ մամուլին կողմէ։
ՀԲԸՄ-ՀԵԸի «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբը, շատ բան կը պարտի Տրդատ Աւետիքեանին անոր բերած նպաստին եւ թատերախումբի վերելքին համար։
Խորազգաց ցաւակցութիւններս, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ի «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբի հին ու նոր անդամներուն ինչպէս նաեւ Տրդատ Աւետիքեանի հարազատներուն, գործակիցներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։