Պատուարժան Պարոն Սեւակ Յակոբեան,
Ես ազգային գործիչ Նիքօլայ Րօմաշուք Հայրապետեանն եմ Հոլանտայէն: Հոլանտայի մէջ, առաջին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը իրականացնողը, Հրանդ Տինքի անունով առաջին Հայկական գերեզմանատուն իրականացնողը, Հայկական կամուրջը իրականացնողը, համաշխարհային երկրորդ պատերազմին զոհուած Հայ զինուորներուն յիշատակին նուիրուած յուշարձանը իրականացնողը, իմ բնակավայրիս մէջ Հայկական եկեղեցին իրականացնողը: Շատ ուրիշ ազգանուէր գործեր համեստաբար իրականացուցեր եմ:
Ձեզի գրելուս պատճառը հետեւեալն է, Զարթօնքի 23.01.2021 համարին, երկրորդ էջին աջ կողմը, գրութիւն մը կար, Յովհաննէս Մինասին մասին, Յովհաննէս Մինասին գերեզմանը 444 մինչեւ իմ յայտնաբերելս անյայտ էր, կարճ խօսքով, այս գերեզմանը ես յայտնաբերեր եմ:
Այս երկտողին կցուած, կ՛ուղարկեմ ձեզի, Յովհաննէս Մինասին գերեզմանատան համացանցէն ապացոյց մը, վերջին տողին վրայ յիշուած է իմ անունս ուր յստակ նշուած է որ այս անյայտ գերեզմանը ես յայտնաբերեր են:
Նշուած եկեղեցին կառուցուէր է 1714 թուականին, Ճուլֆահայերու օգնութեամբ որոնք 17-րդ դարի կէսերուն վաճառականութեամբ կը զբաղէին, իսկ ամենէն կարեւորը, 17 -րդ դարը- Հոլանտայի ոսկեդարն էր, առաջին Հայերէն Աստուածաշունչը տպուեցաւ 1666-1668-ը թուականին, Ոսկան Երեւանցիի քրտնաջան ջանքերու շնորհիւ:
Խորհին Յարգանքներով
Եւ
Լաւագոյն Մաղթանքներով
ՆԻՔՕԼԱՅ ՐՕՄԱՇՈՒՔ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ



