Ներսէս Վարժապետեան (աւազանի անունը՝ Պօղոս Ստեփանի ՎարԺապետեան, 28 Յունուար 1837, Կոստանդնուպոլիս, —26 Հոկտեմբեր 1884, Կոստանդնուպոլիս), եկեղեցական, հասարակական, քաղաքական գործիչ, Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք (1874-էն)։
Ուսումը ստացած է Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանին մէջ։ 1853-էն զբաղած է ուսուցչութեամբ Ատրիանուպոլսոյ, Տարսոնի եւ Նիկոմիդիոյ մէջ։
1862-ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս։ Օգտուելով 1877-78 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմէն ետք Հայկական հարցի արծարծման համար ստեղծուած նպաստաւոր պայմաններէն Վարժապետեան Թուրքիոյ մէջ 9 եպիսկոպոսներու անունով խնդրագիր կը ներկայացնէ կայսր Ալեքսանտր II-ին՝ Ռուսաստանէն հայցելով արեւմտահայերու պաշտպանութիւնը (եւրոպական քրիստոնեաներու օրինակով)։
Վարժապետեան մեծ եռանդ ներդրած է 1878 թուականի Սան Սթեֆանոյի պայմանագրին մէջ արեւմտահայերու մասին յատուկ (16-րդ) յօդուած մտցնելու եւ հայկական հարցը Պեռլինի քոնկրեսին մէջ (1878) քննելու գործին մէջ, որու համար ալ վեհաժողով ուղարկած է հայկական ազգային պատուիրակութիւն՝ Մկրտիչ Խրիմեանի գլխաւորութեամբ։
Վարած է շրջահայեաց քաղաքականութիւն Բարձրագոյն դրան, Ռուսաստանի եւ Մեծ Բրիտանիոյ միջեւ անոնց բարեացակամ վերաբերմունքը հայկական հարցին մէջ շահելու ակնկալիքով։
31 Մայիս 1879 թուականին դիմած է եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներուն՝ նշելով Հայաստանի մէջ բարենորոգումներ ընելու անհրաժեշտութիւնը՝ Պեռլինի դաշնագրի 61-րդ յօդուածը գործադրելու համար, սակայն՝ ապարդիւն։ Անպատասխան մնացած են նաեւ Բարձրագոյն դրան ներկայացուած բազմաթիւ յուշագրերը։ 1884-ին ընտրուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս, սակայն առողջական ծանր վիճակին պատճառով հրաժարած է հոգեւոր առաջնորդի տիտղոսէն։
Հայաստանի ազատագրութեան ուղին՝ Վարժապետեան համարած է հայութեան ազգահաւաքումը, խաղաղ շինարարութիւնն ու դիւանագիտական միջոցները։