Ֆրանս Փրես կ՛արձագանգէ գրելով, որ հակառակ անոր, որ Լիբանան խիստ արգելափակումներու գործընթացի կիզակէտին է սակայն մարդիկ կան որոնք կը շարունակել աշխատանքի երթալ ապահովելու իրենց ընտանիքին հացը:
«Ես քորոնայէն չէ, որ կը վախնամ, այլ աղքատութենէն»: Այսպէս արտայայտուած է ճամբուն եզրին բանջարեղէն ծախող 38-ամեայ քաղաքացի մը Ֆրանս փրեսի Թրիփոլիէն թղթակցող աշխատակիցին:
Լիբանան մինչեւ օրս գրանցած է 280000 վարակակիր եւ աւելի քան 2400 մահուան դէպք, քորոնաժահրի տարածումի առաջին օրէն ի վեր:
Հակառակ, որ այսօր Լիբանան կը գտնուի ժահրի տարածման վտանգաւոր աստիճաններու վրայ, աղքատութիւնը ժողովուրդը փողոց կ՛իջեցնէ արգելափակումները վերացնելու նպատակով, որպէսզի քաղաքացին առիթը ունենայ իր օրապահիկը ապահովելու: