Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Այց Եռաբլուր

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Յունուարի 28-ին` Բանակի օրուայ առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հոգեւորականների ուղեկցութեամբ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան նահատակուած քաջորդիների յիշատակին եւ աղօթք բարձրացնելու նրանց հոգիների հանգստութեան համար։

***

Եռաբլուր տուած այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ զրուցեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Մամլոյ սպասաւորները Նորին Սրբութեան յիշեցուցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին վերաբերեալ յայտարարութիւնը։ Ի պատասխան ան ըսաւ. «Մեր դիրքորոշումներուն եւ համոզումներուն մէջ ոչինչ փոխուած է». հաղորդեց «ժամանակ»ը։

Ան դիտել տուաւ, որ եկեղեցին կ՚առաջնորդուի ազգային եւ պետական շահերով։ Արդեօք եկեղեցին քաղաքական ուժերէն մէկուն կողմը չի բռնե՞ր։ Վեհափառը այս մասին ալ ըսաւ հետեւեալը. «Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, եթէ համահունչ է այս կամ այն խմբակի, քաղաքական ուժի հայեացքներուն, ապա սա պէտք չէ մեկնաբանուի՝ որպէս եկեղեցւոյ կողմնակցութիւնը այս կամ այն քաղաքական կուսակցութեան։ Եկեղեցին վերքաղաքական հաստատութիւն է»։

Լրագրողներ հարց տուին նաեւ, թէ եկեղեցին ի՞նչ հետեւութիւններ ըրած է, երբ հրաժարականի կոչէն վերջ բազմաթիւ քաղաքացիներ փողոց դուրս չեն եկած։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Մենք որեւէ ձեւով յորդոր եւ կոչ չենք ուղղած, որպէսզի ժողովուրդը դուրս գայ փողոց եւ համապատասխան գործողութիւններու մասնակցի։ Մենք յորդոր ուղղած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ մեր հիմնաւորումները ներգրաւուած են, առկայ են մեր խօսքի թեքստին մէջ»։

Թէ ինչո՞ւ եկեղեցին եւ իշխանութիւնները այսպիսի ձեռնարկներուն առանձին-առանձին կը մասնակցին։ Այս հարցին պատասխանելէ առաջ ալ Վեհափառ Հայրապետը լրագրողներէն նախ ճշդեց, թէ երկրի ղեկավարութիւնը այսօր այցելա՞ծ էր Եռաբլուր։ Երբ ստացաւ դրական պատասխան, ան նշեց, որ տեղեկացուած չէ եղած ղեկավարներու այցելութենէն։ Յամենայնդէպս, Նորին Սրբութիւնը համոզուած է, թէ ներկայ իրավիճակին մէջ այս տարբերակը պատշաճ մօտեցում է։

«Երբեք երկիրը այսպիսի ծանր իրավիճակի մը մէջ չէ եղած։ Հայրենիքի նման կորուստ չենք ունեցած։ Երկիրը նման վտանգներու առջեւ կանգնած չէ գտնուած։ Անորոշութիւնը վաղուայ օրուայ նկատմամբ անհանգստացնող, տագնապեցնող այսպէս չէ եղած մեր ժողովուրդին համար եւ այս կացութեան մէջ եկեղեցին, բնական է, իր առաքելութեան մէջ պէտք է գտնուէր եւ իր խօսքը՝ զգաստացնող, պատգամ բերող խօսքը պէտք է ըսէր», յայտնեց Նորին Սրբութիւնը։

Պատասխանելով պետականութիւնը կորսնցնելու վտանգին վերաբերեալ հարցումի մը՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Աստուած մի արասցէ։ Ռիսքեր միշտ ալ կան։ Մենք կը հաւատանք, թէ մեր ժողովուրդի խոհեմ, իմաստուն ընթացքով եւ հայրենանուէր ջանադիր աշխատանքով նման վտանգները կը յաղթահարուին»։

Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական եկեղեցիներու պղծման խնդրին անդրադառնալով՝ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ եկեղեցին խստագոյնս կը դատապարտէ այդ երեւոյթները ու ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը եւս իր դատապարտութեան խօսքը ըսէ այդ երեւոյթներուն առընչութեամբ։ «Այս առումով մենք կը գնահատենք Ռուսաստանի իշխանութեան, նաեւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին, մեր հոգեւոր եղբօր աջակցութիւնը, զօրակցութիւնը, որով հնարաւոր դարձաւ, որպէսզի Դադիվանքը այսօր շարունակէ իր ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը»։

Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով՝ Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց. «Մենք հնարաւոր բոլոր ջանքերը կը գործադրենք, որպէսզի կարողանանք նպաստել մեր գերեվարուած զաւակներու վերադարձին»։ Ճշդող ուրիշ հարցի մը ի պատասխան՝ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ պատշաճ բոլոր քայլերը կ՚առնուին, քննարկումները կը կատարուին եւ հաւանական է նաեւ Հռոմի Պապին ալ դիմել այս հարցին շուրջ։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img