Երեքշաբթի, 25 Մարտի, 2025
- Գովազդ -spot_img

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Բանաձեւին Համաձայն Շուտով Կազմակերպել Մշակութային Ժառանգութեան եւ Կրօնական Վայրերու Պաշտպանութեան Համաժողով. Ընկ. Սեւակ Յակոբեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ


Անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը ընդունեց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ կրօնական, հնագիտական ​​վայրերու եւ մշակութային արժէքներու վնաս հասցնելն ու  ոչնչացնելը։  Ժողովը պարտականութիւն տուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին համաժողով մը կազմակերպել բանաձեւին իրագործման ի խնդիր: ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան  նախ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սէուտական Արաբիոյ՝ բանաձեւի նախագիծը ներկայացնելուն համար ապա շուտով համաժողով մը գումարելու կոչով մը կը դիմէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, մշակութային  ժառանգութեան եւ կրօնական կառոյցներու պաշտպանութեան աշխատանքի մէջ միջազգային  աջակցութիւնը ստանալու  նպատակով:
 
Իր կոչին մէջ ընկ. Յակոբեան կը նշէ.
 
«Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան շնորհակալութիւն կը յայտնենք՝ բանաձեւի այս նախագիծի առաջարկի մէջ իր ունեցած դերակատարութեան համար:  Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ բարեկամ արաբական երկրներուն, ինչպէս՝ Եգիպտոսին, Իրաքին, Յորդանանին, Քուէյթին, Եմենին, Պահրէյնին, Սուտանին, Օմանին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Պաղեստինին՝ բանաձեւի նախագիծի  հովանաւորութեան  եւ  անոր որդեգրման ի խնդիր համագործակցութեան համար»:
«Այս առիթով կը դատապարտենք վերջին հրթիռակոծութիւնը,  որուն ենթարկուեցաւ Սէուտական Արաբիան եւ կը յայտնենք մեր զօրակցութիւնը այն երկիրին, որ ծնունդ տուած է թագաւոր Հուսէյն պին Ալիին ՝ Մեքքայի Շերիֆին. հերոս մը, որ անցեալ դարու սկիզբը արաբական ցեղախումբերուն կոչ ուղղած է  թրքական եաթաղանէն մազապուրծ եղած Հայ ժողովուրդի բեկորներուն օթեւան տալ ու փրկել զանոնք: Արաբ ղեկավար մը, որ զէնք բարձրացուցած է օսմանեան բռնապետութեան դէմ ՝  ազատագրելու արաբական հողերը օսմանեան կայսրութենէն: Սէուատական Արաբիոյ կողքին ըլլալը հայ ժողովուրդի պարտքն է եւ իր երախտագիտութեան արտացոլածումը» շարունակած է ընկեր Յակոբեան:
Ընկ. Սեւակ Յակոբեան իր կոչին մէջ կը շեշտէ. «Կոչ կ'ուղղենք Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեսին, վերոնշեալ բանաձեւին հետեւողականութեամբ  խորհրդաժողով մը կազմակերպել, մասնակցութեամբ` անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու, կրօնական առաջնորդներու, կրօնական կազմակերպութիւններու, լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան: Այս մէկը կ'օգնէ ՄԱԿ-ին՝ կրօնական, հնագիտական վայրերու  եւ մշակութային արժէքներու պահպանութեան  ծրագիրի իրականացմանը»։
«Այստեղ յատկապէս պէտք է  նշենք պատմական  Հայաստանի եւ Արցախի բռնագրաւուած այն վայրերը, որոնք կը պարունակեն հայ ժողովրդին պատկանող մշակութային ժառանգութիւններ, որոնք այսօր վտանգուած են ու բարբարոսական քանդումի կ՛ենթարկուին թուրքերու եւ ազերիներու կողմէ». իր կոչը եզրափակած է ընկեր Յակոբեան:
 

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img