Հայկ Յովհաննէսի Եազմաճեան (30 Յունուար 1898, Կոստանդնուպոլիս — 12 Փետրուար 1975, Երեւան), հայ բժիշկ, հոգեբոյժ, մանկավարժ, գիտնական, ազգային եւ հասարակական գործիչ։
Ծնած է 1898 թուականի Յունուար 30-ին, Կոստանդնուպոլիս։ Տարրական կրթութիւնն ստացած է Վառնայի մէջ, միջնակարգը՝ Կ. Պոլսոյ մէջ։ Բժշկական բարձրագոյն կրթութիւնն ստացած է Կ. Պոլսոյ (1918-1922 թթ․) եւ Փարիզի (1923-1925 թթ․) համալսարաններուն մէջ։ Մասնագիտացած է հոգեբուժութեան մէջ։ 1927 թուականին Փարիզի համալսարանին մէջ արժանացած է բժշկութեան դոկտորի կոչման։ Փարիզի մէջ զբաղած է բժշկական, գիտական, հասարակական եւ ազգային գործունէութեամբ, եղած է Փարիզի Հայ բժշկական միութեան եռանդուն անդամներէն։
1936 թուականին, դառնալով ուղեկից Կոմիտասի աճիւնին, հայրենադարձուած է Խորհրդային Հայաստան։ 1936-1975 թուականներուն Երեւանի հանրապետական հոգեբուժական դարմանական բուժարանին մէջ հոգեբոյժ աշխատածէ։ Համատեղութեամբ աշխատած է Երեւանի պետական բժշկական ինստիտուտի հոգեբուժութեան ամպիոնէն ներս, որպէս օգնական, ինչպէս նաեւ Երեւանի պետական համալսարանէն ներս, որպէս իրաւաբանական բաժնի դատական հոգեբուժութեան դասախօս։ 1944-1946 թուականներուն եղած է Հայկական ՍՍՌ Գիտութիւններու ակադեմիայի բժշկութեան եւ կենսաբանութեան պատմութեան բաժնի գիտաշխատող եւ քարտուղար։ Եղած է խորաթափանց գիտնական, փորձառու դարմանագէտ, հմուտ մանկավարժ, ազնուագոյն անձնաւորութիւն։
1954 թուականին պաշտպանած է գիտական թէզ՝ «Հոգեբուժական հայացքները Հայաստանում հնագույն ժամանակներից մինչեւ 11-րդ դար» թեմայով եւ արժանացած բժշկական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանին։ Դարմանական հոգեբուժութեան եւ հոգեբուժութեան պատմութեան վերաբերեալ աւելի քան 40 տպագրուած եւ անտիպ յօդուածներու հեղինակ է։ Ըլլալով բազմակողմանի զարգացած անձնաւորութիւն՝ եղած է նաեւ արուեստի մեծ սիրահար։ Պաշտած է Կոմիտասին, Մեծարենցին ու շատ սիրած ֆրանսական մշակոյթը։ Ունի ֆրանսերէն եւ հայերէն գրուած անտիպ բանաստեղծութիւններու տետրակ եւ «Օրագիր»։ Հայկական ՍՍՀ վաստակաւոր բժիշկի կոչման արժանացած է (1966), մետալներով ու պատուոյ գիրերով պարգեւատրուած։
Մահացած է 1975 թուականի Փետրուար 12-ին՝ Երեւան։